Կոչ Զօրակցութեան

Սրբոց Վարդանանց տօնին առիթով, կոչ կ’ուղղենք ամբողջ լիբանանահայութեան` թելադրելով, որ հինգշաբթի, 23 փետրուար 2017-ին, Լիբանանի ամբողջ տարածքին փակ պահուին հայկական բոլոր վաճառատուներն ու հաստատութիւնները, որպէսզի մեր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունենալիք սուրբ պատարագին ու պաշտամունքին բերելիք մեր մասնակցութեամբ, նոր կեանք տանք Սրբոց Վարդանանց նահատակներու սրբազան կտակին եւ մեր հաւատարմութեամբ մեծարենք յիշատակը բոլոր անոնց, որոնք հաւատքի եւ հայրենիքի պաշտպանութեան համար արիաբար նահատակուեցան:

 

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ

ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻՆ