Դեկտեմբեր 12-ին Հռոմի Սանթա Մարիա ի Թրանսթեւերէ (Basilica di Santa Maria in Trastevere) տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեւոր համերգ՝ նուիրուած Կոմիտասի 150-ամեայ յոբելեանին։
Մայր Աթոռ Ս․ Էջմիածնի սարկաւագաց երգչախումբի համերգը, որ կազմակերպած էին Սուրբ Աթոռի եւ Իտալիոյ մօտ ՀՀ դեսպանութիւնները, Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակի հետ համատեղ, տեղի ունեցաւ Սուրբ Աթոռի Արեւելեան եկեղեցիներու միաբանութեան նախագահ կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրիի եւ Քրիստոնէական միասնութեան աջակցութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահ կարդինալ Քուրտ Քոխի հովանիի ներքոյ։
Համերգէն առաջ համատեղ ելոյթ ունեցան Սուրբ Աթոռի մօտ ՀՀ դեսպան Կարէն Նազարեան եւ Իտալիոյ մօտ ՀՀ դեսպան Վիկտորիա Պաղտասարեան՝ անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքով Կոմիտասի ստեղծագործական կեանքի ընդհատմանը եւ բնորոշելով հանճարեղ վարդապետի գործերը՝ որպէս հայկական հնագոյն մշակութային ժառանգութեան շարունակութիւն եւ 20-րդ դարասկիզբին Եւրոպայի մէջ ձեւաւորող երաժշտական մշակոյթ։ Համատեղ ելոյթին մէջ նշուեցաւ, որ հայ մեծանուն երգահանն ու հոգեւորականը ընդգրկուած է նաեւ UNESCO-ի՝ Հռչակաւոր մարդոց եւ կարեւոր իրադարձութիւններու 2018-2019 թթ. օրացոյցին վրայ:
Հռոմի ամենահին եկեղեցիներէն մէկուն մէջ տեղի ունեցած կոմիտասեան յոբելենական համերգին ներկայ էին Սուրբ Աթոռի եւ Իտալիոյ մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններ, դիւանագէտներ, բարձրաստիճան հոգեւորականներ, Սան Էճիտիոյ եւ հայ համայնքներու մեծ թիւով ներկայացուցիչներ։