Կարդինալ Սանտրին՝ Հայ Կաթողիկէ սիւնհոդոսական հայրերուն. «ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑԻ, ՎԵ՛Ր ԿԱՑ ՈՒ ՔԱԼԷ՛»

«Հայ ժողովուրդը մօտէն ճանչցաւ բռնութեան եւ հալածանքներու փորձառութիւնը սակայն ոչ մէկ իշխանութիւն կամ մարդկային զօրութիւն կարողացաւ անոր շրթունքներէն խլել Քրիստոսին անունը»։

 

Երկուշաբթի, 20 Սեպտեմբեր 2021-ի երեկոյեան Հռոմի Լեւոնեան Քահանայապետական Վարժարանէն ներս, առընթերակայութեամբ Լեւոնեան Ք. Վարժարանի մեծաւոր գերյ. Հայր Նարեկ վրդ. Նաամոյանի եւ Զմմառու փոքր նորընծայարանի տեսուչ Հայր Գրիգոր Վրդ. Պատիշահի, Արհ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանի մատուցած Սուրբ պատարագով բացումը կատարուեցաւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսական ընտրական Սիւնհոդոսին։

Սուրբ Զոհին իրենց մասնակցութիւնը բերին Հայ Կաթողիկէ նուիրապետութեան սիւնհոդոսական հայրերը, Լեւոնեան Ք. Վարժարանի սաները, Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու մեծաւոր Մայրը, ու Հռոմաբնակ եկեղեցւոյ սպասաւոր աշխարհականներ, մինչ արարողութեան նախագահողը եւ քարոզիչը եղաւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի Կառավարիչը` Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրին։

«Ե՛կ Սուրբ Հոգի»

«Ե՛կ Սուրբ Հոգի». այս աղերսով է որ Կարդինալ Սանտրին սկսաւ իր քարոզը աւելցնելով որ «ան կ՛ ոգեւորէ մեր սրտերը այս ծիսակատարութեան ընթացքին, որ կը կազմէ մուտքի դուռը` այս օրերուն ձեր Հռոմի մէջ ապրելիք փորձառութեան, Սուրբ Պետրոսի եւ Սուրբ Պօղոսի գերեզմաններուն մօտ ու այլ տարբեր դարաշրջաններու հազարաւոր վկաներու մօտ, որոնք իրենց Վկայութիւնը նուիրեցին Քրիստոսի»։

 

Քահանայապետին որոշումը

Ծիրանաւորը ապա ակնարկեց Քահանայապետի որոշումին՝ զինք դասելու սիւնհոդոսական աշխատանքներու նախագահ եւ այս ուղղութեամբ յորդորեց առաջնութիւն տալ Քրիստոսին, գերազանցելով խոչնդոտները ու թոյլ տալով, որ Քրիստոսին լոյսը լուսաւորէ անոնց տրամաբանութիւնները, զգուշացնելով նաեւ այն մարդկային վարմունքէն` արգելք հանդիսանալու Սուրբ Հոգիին ներգործութեան, հետեւելով անձնական չափանիշերուն եւ կամ աւելի վատ աշխարհի հոգիին։

 

Նոր սկիզբ

Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչին համար Հայ Կաթողիկէ եպիսկոպոսներուն ընտրանքներուն միջոցաւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց պատրիարքական Եկեղեցին «կարող պիտի ըլլայ ապրելու նոր սկիզբ մը» եւ այս ուղղութեամբ ան հարկաւոր նկատեց որ եպիսկոպոսները իրենց անձնական եւ եղբայրակիցներուն կեանքը դնել Սուրբ Խորանին վրայ ու հայցել բիւրեղացումի, կերպարանափոխութեան եւ առաքելութեան շնորհքը։

«Բիւրեղացումը Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի սրտին խօսող թեմա է» ըսաւ ապա Կարդինալ Սանտրին մէջբերելով Հայոց մեծ սուրբին աղօթքներէն մին, ապա մատնանշեց Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ իրականութեան ու անոր հաւատացեալներուն բոլոր ցամաքամասերուն մէջ ներկայութիւնը, «անցեալի եւ ներկայի տառապանքներուն, ապահով եւ կայուն տան մը որոնումի, կեանքը խաթարող ու ցրուելու մղող ուժերէն փախուստի» հետեւանքով։

 

Հայ ժողովուրդը կարիքը ունի բարի հովիւներու

«Անոնք կարիքը ունին հովիւներու որոնք զիրենք առաջնորդեն, փնտռեն, գիտնան զանոնք կոչել իրենց անունով , այնպէս ինչպէս կ’ընէ Աւետարանի մէջ նկարագրուած բարի Հովիւը» ըսաւ  Կարդինալ Սանտրի մատնանշելով Պատրիարքի «Գլուխ եւ Հայր» աւանդական սահմանումը. «Գլուխ միայն այն չափով որքանով կարող է ծառայ դառնալ ու Հայր` որովհետեւ իր վրայ կը զգայ իր բոլոր զաւակներուն պատասխանատուութիւնը» ըսաւ Ան եւ հուսկ նշեց թէ «Հայ ժողովուրդը մօտէն ճանչցաւ բռնութեան եւ հալածանքներու փորձառութիւնը սակայն ոչ մէկ իշխանութիւն կամ մարդկային զօրութիւն կարողացաւ անոր շրթունքներէն խլել Քրիստոսին անունը»։

 

Ժողովուրդ մը, որ չի ճանչնար իր անցեալը չունի ապագայ

«Նոր Պատրիարքը պիտի գիտնայ առ այդ աւետարաններու դպիրներուն նման նկատի առնել հին ու նոր բաները։ Պէտք է անպայման գիտնայ պահապան կանգնիլ յիշողութեան եւ աւանդութեան, որովհետեւ ժողովուրդ մը, որ չի ճանչնար իր անցեալը չունի ապագայ» հաստատեց ապա Ծիրանաւորը։

 

Ապաւինիլ պատմութեան առագաստներուն

«Եկեղեցւոյ եւ աշխարհի բաց ծովուն մէջ Տանն Կիլիկիոյ հայոց Պատրիարքական Եկեղեցին պէտք է ապաւինի բոլոր առագաստներուն զոր պատմութիւնը անոր յանձնեց։ Աստուծոյ սուրբ ժողովուրդն է, որ կ’աղօթէ ձեզի համար» ըսաւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչը այս ուղղութեամբ մատնանշելով կղերական դասին որ թէեւ մաս կը կազմէ հայ կաթողիկէ աւանդութեան ու ձեռնադրուած եւ անդամ է Լատին միաբանութիւններուն «որոնց միջեւ կարելի է ընտրել ապագայի թեկնածու եպիսկոպոսներ» յարեց ապա Ծիրանաւորը հրաւիրելով արժեւորել անցեալի եւ ներկայի սուրբերն ու մարտիրոսները, մշակել եւ ամրապնդել Առաքելական Հայ եկեղեցւոյ եղբայրներուն հետ յարաբերութիւնները, ըլլա՛յ Լիբանանի ըլլա՛յ Հայաստանի եւ ըլլա՛յ համայն աշխարհին մէջ։

 

Ֆրանչիսկոս Պապին սէրը

«Իմացէք որ Սուրբ Պետրոս առաքեալի յաջորդը` Ֆրանչիսկոս Պապը ձեզի մօտիկ է այս օրերուն եւ պիտի շարունակէ ձեր ցուցաբերել իր սէրը զոր միշտ ալ ցոյց տուած է, եւ անոր խօսքը պիտի ըլլայ կողմնացոյց՝ նաւարկելու համար պատմութեան ծովուն մէջ, Կաթողիկէ եկեղեցւոյ բազմատեսակ միասնութեան մէջ» ըսաւ ապա Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրին եւ քարոզը աւարտեց Նարեկացիին աղօթքով հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի ու բոլոր հայ սուրբերուն բարեխօսութիւնը։

«Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցի վե՛ր կանգնիր ու քալէ՛» ըսաւ Կարդինալ Սանտրի եզրափակելով իր խօսքը։

 

Գերապայծառ Միրիաթեանի շնորհակալական խօսքը

Սուրբ զոհի աւարտին Արհ. Գերապայծառ Միրիաթեան յանուն եպիսկոպոսական դասին շնորհակալական խօսք ուղղեց Կարդինալ Սանտրիին նշելով, որ անոր խօսքերը «կողմնացոյց են» որ պիտի բնորոշէ ժողովին ընթացքը։

Հոգեւոր Կրթութիւն

Յայտնենք թէ նոր Պատրիարքի ընտրութիւնը պիտի կայանայ Հայ Կաթողիկէ եպիսկոպոսներուն երկօրեայ Հոգեւոր Կրթութեան աւարտին, Չորեքշաբթի, 22 Սեպտեմբերէն սկսեալ։ Հոգեւոր կրթութեան քարոզիչն է Հռոմի Թեմի փոխանորդ Արքեպիսկոպոս` գերապայծառ Անճելօ Տէ Տոնաթիս։

 

Ռոպէս Աթթարեան – Վատիկան