Լիբանանի կաթողիկէ Պատրիարքներու եւ Եպիսկոպոսներու խորհուրդի վարչութիւնը՝ 12 Նոյեմբեր 2020-ին, Պքերքէի մէջ, Պատրիարք Պշարա Ռաիի նախագահութեամբ եւ ներկայութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի․ Կաթողիկոս Պատրիարքին, Յոյն կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եուսէֆ Ապսի Պատրիարքին, Ասորի կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եուսէֆ Գ․ Եունան Պատրիարքին, Խորհուրդի գործադիր մարմնի ներկայացուցիչ Միշել Աուն Եպիսկոպոսին եւ խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Հայր Քլոտ Նատրայի, գումարած նիստի ընթացքին կոչ ուղղեց ՄԱԿ-ին եւ Ապահովութեան Խորհուրդին՝ լուծելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը:
Իր նիստի աւարտին, Խորհուրդը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ հետեւեալը.
«Կը զօրակցինք Արցախի եւ Հայաստանի մեր հայ եղբայրներուն, որոնք կը տառապին, եւ անոնց արժանապատուութիւնը վիրաւորուած է` Ազրպէյճանի դէմ պատերազմի հետեւանքներէն: Մենք միշտ դատապարտեցինք այս պատերազմը, որ մարդկային եղբայրութեան դէմ ոտնձգութիւն էր, մարդկային զոհեր եւ քանդում կը պատճառէր` Արցախի եւ Ազրպէյճանի մէջ: Նաեւ միշտ կոչ ուղղեցինք միջազգային ընտանիքին եւ պատասխանատուներուն խաղաղ բանակցութիւններով եւ դիւանագիտական ջանքերով լուծելու նման տագնապներ եւ վիճելի հարցեր:
Մենք նաեւ միշտ աղօթեցինք այս նպատակին իրականացման, ինչպէս նաեւ երկու կողմերուն միջեւ հրադադարի հաստատումին համար: Իսկ ներկայիս կը հաստատենք, որ կարելի չէ շարունակել ընկճել ժողովուրդները, հետեւաբար կոչ կ՛ուղղենք ՄԱԿ-ին եւ Ապահովութեան Խորհուրդին լուծելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը, ինչպէս նաեւ վերջ մը դնելու այս ցաւին, որ կ’աւելնայ զոհերուն եւ աղէտահարներուն ցաւերուն վրայ: Շրջանը կարիք ունի իսկական խաղաղութեան մը, որ հիմնուած է երկու կողմերուն համար արդարութեան վրայ: Կը վերահաստատենք մեր վստահութիւնը հայ ժողովուրդին իմաստութեան ու միասնականութեան նկատմամբ եւ կ’աղօթենք առ Աստուած, որ Ան մխիթարէ զանոնք իրենց դիմագրաւած այս ճգնաժամին մէջ»: