ԼԻԲԱՆԱՆԻՆ ԵՒ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԾԱՌԱՅԱԾ ԿԱՆԱՆՑ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒՄ

Կանանց Միջազգային Օրուան առթիւ, 11 մարտ 2017-ին, ՌԱԿ-ի Շուշան Վարդենի Ակումբին կազմակերպութեամբ Թէքէեան Կեդրոնի «Հրաչեայ Սեդրակեան» սրահին մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեան մը ընթացքին Պատուագիրերով պարգեւատրուած են Լիբանանին եւ լիբանանահայութեան ծառայած կիներ, որոնց շարքին նաեւ Քարիթասի Ժէիթաուի մասնաճիւղի պատասխանատու եւ Հայ կաթողիկէ Աղքատախնամի վարչութեան անդամ տիկին Անի Գալուստ։ Պարգեւատրումը կատարուած է վարչական բարեկարգումի պետական նախարարուհի՝ տք. Ինայա Իզզըտտինի ձեռամբ, ի ներկայութեան կանանց հարցերու նախարար Ժան Օղասապեանին, ինչպէս նաեւ նախկին երեսփոխան եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան հիմնադիրներու վարչութեան ատենապետ տիար Յակոբ Գասարճեանի, ՀՀ հիւպատոս տիար Աշոտ Վարդանեանին եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններու։