Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութիւն – Հայաստանի Հանրապետութիւն փոխադարձ կապի եւ համագործակցութեան ամրապնդման ծիրին մէջ, հինգշաբթի, 17 յունուար 2019-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբէկեան այցելեց Զմմառեան միաբանութեան մայրավանք: Հիւրին դիմաւորեցին Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան փոխանորդ, վանքի մեծաւոր եւ Պէյրութի թեմի պատրիարքական փոխանորդ Գերապայծառ Գաբրիէլ թ. ծ. վրդ. Մուրատեանը, վանքի վարչական ու վանաբնակ հայրերը, ինչպէս եւ համանուն միաբանութեան կիսասարկաւագներն ու ժառանգաւորները:
Դեսպանի անդրանիկ այցելութեան նպատակն էր աւելի մօտէն ծանօթանալ միաբանութեան կատարած գաղութաշէն ու ազգանուէր աշխատանքներուն եւ համագործակցութեան ընդհանուր եզրեր որոնել հայրենի ղեկավարութեան եւ միաբանութեան կղերին միջեւ:
Այցելութեան ընթացքին դեսպանը նախ եւ առաջ Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր մատրան մէջ իր աղօթքը բարձրացուց` կիսասարկաւագներուն ու ժառանգաւորներուն հետ մրմնջելով երանելի Իգնատիոս Մալոյեանին նուիրուած «Բազմաչարչար» ողբերգը: Ապա մայրավանքի Փոխման Կուսին մայր եկեղեցւոյ որմերով հիացաւ:
Մայրավանքի դահլիճին մէջ մեծաւոր հայրը ողջունեց նորանշանակ դեսպանը եւ միաբանութեան պատմութիւնը ներկայացուց: Դեսպանը իր կարգին յուզմունքով ու հիացմունքով արտայայտուեցաւ միաբանութեան կատարած աստուածահաճոյ եւ ազգանուէր գործունէութեան մասին եւ խոստացաւ իր աջակցութիւնը ի սպաս դնել միաբաններու կողմէ ծրագրուած որեւէ նախաձեռնութեան յաջողութեան: Մեծաւոր հայրը դեսպանին «Ցաւագին Տիրամօր» պատկերը նուիրեց:
Դեսպանը շրջեցաւ վանքի յարակից կառոյցները` այցելելով վանական համալիրի մատենադարանը, ուր առկայ են բազմաթիւ բացառիկ եւ հազուագիւտ ձեռագիր մատեաններ, անտիպ ձեռագիրներ, հնատիպ եզակի գիրքեր եւ այլն: Այնուհետեւ դեսպանին զմայլեցուցին վանքի թանգարանին մէջ խնամքով պահպանուած եկեղեցական սպասները, շուրջարներու հնութիւնը եւ շքեղութիւնը, նաեւ երկրէն հասած կենցաղային իրերու եւ անօթներու առկայութիւնը, վերածնունդի կտաւները եւ այլ հնամենի ոգեղէն իրերու գոյութիւնը:
Դեսպանը այցելեց նաեւ Զմմառու անմահական գինիի պատրաստման ու պահպանման վաղեմի մառանը եւ համտեսելով ըմպելին ծանօթացաւ անոր պատրաստման ընթացքին: Մեծաւոր հայրը դեսպանին 60 տարեկան գինի նուիրեց:
Այցելութիւնը իր լրումին հասաւ մայրավանքի սեղանատան մէջ մատուցուած սիրոյ սեղանով: