Լիբանանի Հայ Առաքելական, Կաթողիկէ Եւ Աւետարանական Հոգեւորականներու Հանդիպում

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսի հրաւէրով, հինգշաբթի, 28 մարտ 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ եւ Պուրճ Համուտի Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի եկեղեցիներուն մէջ ծառայող հայ առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական հոգեւորականներու Մեծ պահքի աղօթական հաւաք եւ ընթրիք:

Հոգեւոր հայրեր, Նարեկ սրբազանի, Գէորգ եպս. Ասատուրեանի եւ վեր. Րաֆֆի Մսըրլեանի գլխաւորութեամբ, նախ եկեղեցւոյ մէջ «Տէրունական աղօթք»-ը եւ Ս. Ներսէս Շնորհալիի «Հաւատով խոստովանիմ»-ը աղօթեցին եւ ապա սրահին մէջ առաւել ծանօթացման պահ մը ապրեցան:

Ընթրիքի ընթացքին սրտի խօսքեր արտասանուեցան եւ առաջարկներ կատարուեցան այսպիսի առիթներու կրկնումով աւելի մտերմութիւն եւ գործակցութիւն յառաջացնելու համար:

Հաւաքին մասնակցող հոգեւորականներ Աստուծոյ եւ ազգին ծառայութեան իրենց ուխտի վերանորոգութեամբ խոստացան դարձեալ իրարու հանդիպիլ: