ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՖՐԱՆՍԱՑԻ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԻ ԱՅՑԸ ԶՄՄԱՌՈՒ ՎԱՆՔ

20 Դեկտեմբեր, 2022ին, Զմմառու մայրավանքին մէջ կայացաւ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքի հանդիպումը պաշտօնական այցով Լիբանան ժամանած Եւրոպական Խորհրդարանի ֆրանսացի պատգամաւոր տիար Ֆրանսուա Զավիէ Պելլամիի հետ։ Եւրոպացի պատգամաւորի խնդրանքով Հոգեւոր Տէրը զայն ընդունեց Զմմառու դարաւոր վանքին մէջ։ Հանդիպման մասնակցեցան Զմմառու Վանքի Մեծաւոր եւ Պատրիարքական Փոխանորդ Գերապ. Հայր Գաբրիէլ Թ. Ծ. Վրդ. Մուրատեան եւ վանական Հայրերը։
Հոգեւոր Տէրը ողջունելով յարգարժան հիւրը, իր խոր մտահոգութիւնը յայտնեց Հայաստան-Արցախ կեանքի ճանապարհ հանդիսացող Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղիի ապօրինի փակման կապակցութեամբ։ Շեշտելով, որ Լաչինի միջանցքի փակումը դէմ է ո՛չ միայն 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ին կնքուած եռակողմ յայտարարութեան կէտերուն, այլ նաեւ մարդկային տարրական իրաւունքներուն եւ կը յանգեցնէ մարդկային աղէտի։ Քննարկուեցան նաեւ այլ կարեւոր հարցեր Հայաստանին եւ Արցախին առնչութեամբ։
Եւրոպացի պատգամաւորը համաձայն էր Հոգեւոր Տիրոջ հետ, թէ այլեւս Եւրոպան միայն իր աջակցութիւնը յայտնելով պէտք չէ գոհանայ, այլ ժամանակն է գործնական քայլեր ձեռնարկելու։
Զրուցակիցները քննարկեցին նաեւ Միջին Արեւելքի կացութիւնը, ի մասնաւորի կենդրոնանալով Լիբանանի առկայ խնդիրներուն, երկխօսութեան ու ներ-լիբանանեան հաստատութիւններուն ամրապնդման, առկայ ճգնաժամերը յաղթահարելու ուղղութեամբ։
Հանդիպման աւարտին, Հոգեւոր Տէրը առ ի գնահատանք տիար Ֆրանսուա Զավիէի ացելութեան, անոր նուիրեց Զմմառու Տիրամօր իւղաներկ պատկերը։