ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ԱԶԳԸ ԿՈՐՍՆՑՈՒՑԻՆ ԻՍԿԱԿԱՆ «ՀԱՅՐ ԵՒ ԳԼՈՒԽ» ՄԸ

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

Աղքատները կորսնցուցին հոգատար Հայր մը,

աշակերտութիւնը՝  առատաձեռն բարերար մը,

 քահանայից դասը՝  նախանձախնդիր Հովուապետ մը,

 Եկեղեցին եւ Ազգը՝ համակ նուիրեալ ծառայ մը։

Հայ կաթողիկէ համայնքը կորսնցուց իր իսկական «Հայրը եւ Գլուխը», Բարի Հովիւը, որ  աշխարհ եկած էր միայն ծառայելու համար։ Ծառայելու ո՛չ միայն իր հովուութեան յանձնուած  հօտին, այլ համայն ազգին։ Այս ճշմարտութեան վկաները եղան զինք հեռուէն կամ մօտէն բոլոր ճանչցողները եւ անոր ծառայասիրութեան բարիքները վայելողները, ինչպէս Այնճարի Աղաճանեան Սանուց Տան մանուկներն ու պատանիները, որոնք իրենց ընտանեկան հարազատ միջավայրի եւ բարենորոգուած տան ընձեռած բարենպաստ պայմանները  կը պարտին  Հոգեւոր Տիրոջ,  անոր գուրգուրալից հոգատարութեան։

Այսպիսին էր Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի․ Կաթողիկոս Պատրիարքը Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց, որ շիջեցաւ եւ գնաց իր Երկնաւոր Հօր միանալու  25 Մայիս 2021, Երեքշաբթի կէսօրին։ Միայն անողոք հիւանդութիւնը կրնար արգելակել  անոր ծառայասիրութեան թափը եւ շրջագիծը։ Արդարեւ, մինչեւ վերջին շունչը ան մտահան չըրաւ Լիբանանի տագնապալի պայմաններուն հետեւանքով թշուառութեան մատնուած ընտանիքները եւ հայ կաթողիկէ վարժարաններուն բազմահազար աշակերտները, որոնց վրայէն վստահ եմ իր բարեխօս նայուածքը պիտի չշեղէ Երկնաւոր Հօր մօտէն։ Պիտի միանայ Տիրամօր բարեխօսութեան Եկեղեւոյ, Ազգին, Լիբանանին, Հայաստանին եւ  Արցախին համար, զորս կը յիշէր  յընթացս իր մատուցած ամէն պատարագին եւ արտասանած աղօթքին։

Արդէն երջանկայիշատակ Հոգեւոր Տիրոջ ուրիշ առանձնայատկութիւններէն  մէկը եղաւ չափազանց խոնարհութիւնը։ Ասով յատկանշուեցաւ իր ամբողջ գործունէութիւնը, զոր ծաւալեց լուսարձակներէ հեռու, առանց փողի ու թմբուկի, առանց  քարոզչութեան, յաճախ զրկելով զիս անոր մասին մամուլով արձագանգելու հաճելի պարտականութենէն անգամ «ի՞նչ հարկ կայ» ըսելով։ Ան՝ իբրեւ Հայրապետ ամենայն խոնարհութեամբ գործելու իր յանձնառութիւնը կատարեց իր գահակալութեան անդրանիկ պատգամով։ «Ինչպէս կ՛ըսէ սուրբ Պօղոս,  մարմնի անդամները միեւնոյն պաշտօնը չունին, սակայն անոնցմէ ոչ մէկը աւելորդ է, որովհետեւ անոնք զիրար կը լրացնեն, տարբեր բայց կենսական ու անփոխարինելի դերերով» ըսաւ ան եւ այս համոզումով եւ այս տեսլականով ալ  հրաւիրեց Հայ Կաթողիկէ համայնքին անխտիր  բոլոր կենսունակ տարրերը, սկսեալ նուիրապետական դասէն մինչեւ ամենահամեստ դասակարգերը, անցնելով կղերէն եւ համայնքին յանձնառու անդամներէն,  այլազան կերպերով եւ տարբեր մակարդակներով իրենք զիրենք պատասխանատու զգալու Քրիստոսի Եկեղեցւոյն յարաճուն կառուցման եւ աճումին։ Ան գործեց ու ստեղծագործեց ի խնդիր այդ յարաճուն կառուցման եւ աճումին։ Եւ մարմնոյն միւս անդամներուն հաւասարազօր  մէկ անդամը ըլլալու իր համեստութեան առաջին ապացոյցը տուաւ Պատրիարքութեան պաշտօնական դահլիճի ճակատէն պատրիարքական գահը սովորական բազկաթոռով մը փոխարինելու թելադրութեամբ։ Ոչ մէկ հանգամանք եւ պատիւ զինք իր համեստութենէն դուրս բերին։

Հաւատաց, քարոզեց ու պատգամեց որ լաւ Հայ ըլլալու համար պէտք է ըլլալ նաեւ լաւ քրիստոնեայ, դառնալու համար արժանաւոր զաւակը առաջին քրիստոնեայ ազգին։ Այս նպատակով ալ  զարկ տուաւ քրիստոնէական դաստիարակութեան հրատարակելով եւ տարածելով հոգեւոր գրականութեան բազմաթիւ օրինակներ՝ ամենափոքր աղօթագիրքէն մինչեւ Նոր Կտակարան աշխարհաբար  թարգմանութեամբ, թարգմանել տուաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին   «ԵՂԲԱՅՐՆԵՐ ԵՆՔ ԲՈԼՈՐՍ»  (Fratelli tutti) պատմարժէք շրջաբերականը՝ եղբայրութեան եւ ընկերային բարեկամութեան մասին, եւ Տք․ Ռոժէ Քույի խմբագրութեամբ լոյս տեսած սքանչելի համադրութիւնը Աւետարանին՝   «ԱՍՏՈՒԱԾ ՄԵԶԻ ՀԵՏ» խորագրեալ (Dio Con Noy)՝ սահմանուած լայն հասարակութեան, բոլոր անոնց որոնք չորս Աւետարանները կարդալու համբերութիւնը չունին։

Ղապրոյեան Հոգեւոր Տիրոջ գրասենեակը դուռը բաց իսկական աշխատանոց մըն էր՝ բարենորոգչական, քրիստոնէական քարոզչութեան, եկեղեցական,  կրթական, բարեսիրական, մշակութային ծրագիրներու մշակման, որուն կը վերհսկէր իրեն յատուկ բծախնդրութեամբ, կանխելու համար ամէն վրիպում  ու թերացում։ Ափսոս որ իր ծրագիրները իրենց լրումին հասցնելու առիթը չունեցաւ։

Իր գահակալութեան Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած ֆրանսերէն խօսքին մէջ,  Հոգեւոր Տէրը ըսած էր որ  իր մեծ հայրը եւ մեծ մայրը, որոնք Հայոց ցեղասպանութեան չարչարանալից զոհերէն եղած էին Մարտինի մէջ, չէին կրնար երեւակայել որ հարիւր տարի ետք իրենց թոռը՝  Գրիգորը, որ բազմանդամ ընտանիքի 6-րդ զաւակն էր,  81 տարեկանին պիտի կոչուէր պատրիարքական առաքելութեան։ Ինչքա՜ն տառապահար, ապա նահատակ մայրեր եւ հայրեր   չերեւակայեցին որ  իրենց զաւակներն ու թոռները պիտի դառնան յարուցեալ ազգին պարծանքն ու պատիւը։

 

25 / 05 / 2021