ԴՈԿՏ. ՄԻՇԷԼ ԱՊՍ Կ’ԱՅՑԵԼԷ ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԻՐՈՋ

Երեքշաբթի, 19 Դեկտեմբեր 2023-ին, Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդին ատենապետը՝ Դոկտ. Միշէլ Ապս, գլխաւորելով խորհուրդին պատուիրակութիւնը, այցելեց Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներուն խորհուրդին կաթողիկէ ընտանիքին պատկան մարմնի նախագահ Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց, Աշրաֆիէի Պատրիարքարանին մէջ, Լիբանան։
Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներուն Խորհուրդին պատուիրակութեան մաս կը կազմէին խորհուրդին համաքարտուղարուհին՝ տիկ. Սեդա Հատէշեան, աստուածաբանական հարցերու եւ տիեզերական յարաբերութիւններու բաժանմունքին տնօրէնը՝ Հայր Դոկտ. Անթուան Ալ-Ահմար, ֆինանսական հարցերուն տնօրէնուհին՝ Օր. Լոտի Ալ-Խուրի, ընկերային հաղորդակցութեան պատասխանատուն՝ Շատի Ալ-Շէտիաք, 2024 թուականին կայանալիք միջ-եկեղեցական երաժշտական ձեռնարկին համակարգողը՝ պարոն Մարք Մերհէժ եւ մեներգչուհին՝ Օր. Ռիթա Կիւրիւմլեան:
Հանդիպումին ընթացքին, Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներուն խորհուրդին անունով ատենապետ Դոկտ. Միշէլ Ապս շնորհաւորեց Ամենապատիւ Տէր Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքը, քահանայական ձեռնադրութեան յիսնամեայ յոբելեանին առիթով՝ անոր մաղթելով յարատեւ առողջութիւն ու յաջողութիւններ հովուական առաքելութեան մէջ եւ երկար տարիներ, լի բարութեամբ, օրհնութեամբ եւ սրբութեամբ:
Դոկտ. Միշէլ Ապս Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ նաեւ տեղեկացուց Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներուն խորհուրդին հիմնադրութեան յիսնամեակին առիթով՝ 2024-ին կայանալիք ձեռնարկներուն հետ առնչուող նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին:
Ան խնդրեց Հոգեւոր Տիրոջմէն, որպէսզի իր օրհնութիւնը շնորհէ միջ-եկեղեցական երաժշտական ձեռնարկին, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Յունուարին, խորհուրդին կազմակերպութեամբ: Անոր ուղղեց հրաւէր մը՝ մասնակցելու այս ձեռնարկին, որ պիտի համատեղէ տարբեր եկեղեցական համայնքներէն եւ ծիսական աւանդութիւններէն քանի մը երաժշտական խումբեր:
Այս շրջագիծին մէջ՝ ներկաները քննարկեցին Եկեղեցիներուն համամիութեան հրամայականն ու այլ միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններուն առնչուող հարցեր, ընդգծելով զիրար հանդիպելու կարեւորութիւնն ու հաղորդակցութեան կամուրջներու կառուցումը: Անոնք նաեւ անդրադարձան երկրի եւ տարածաշրջանի դժուար պայմաններուն, յատկապէս՝ Կազայի մէջ տիրող պատերազմին եւ անոր ահաւոր հետեւանքներուն:
زار الأمين العام لمجلس كنائس الشرق الأوسط د. ميشال عبس على رأس وفد من المجلس، غبطة البطريرك روفائيل بيدروس الحادي والعشرون ميناسيان، كاثوليكوس بطريرك بيت كيليكيا للأرمن الكاثوليك، ورئيس مجلس كنائس الشرق الأوسط عن العائلة الكاثوليكيّة، يوم الثلاثاء 19 كانون الأوّل 2023، في دار البطريركيّة في الأشرفيّة – لبنان.
ضمّ وفد مجلس كنائس الشرق الأوسط الأمينة العامة المشاركة في المجلس السيّدة سيتا هاديشيان، مدير دائرة الشؤون اللّاهوتيّة والعلاقات المسكونيّة الأب د. أنطوان الأحمر، المديرة الماليّة الانسة لودي الخوري، مسؤول التواصل الاجتماعي الشدياق شادي شطا، منسّق الحدث المسكوني الموسيقي الّذي سيقوم به المجلس في العام 2024 الأستاذ مارك مرهج، والمرنّمة في الريسيتال الانسة ريتا كوروميليان.
خلال الزيارة، قدّم الأمين العام د. ميشال عبس بإسم مجلس كنائس الشرق الأوسط التهاني إلى غبطة البطريرك روفائيل بيدروس الحادي والعشرون ميناسيان لمناسبة اليوبيل الخمسين لسيامته الكهنوتيّة متمنّيًا له دوام الصحّة والتوفيق في رسالته الرعائيّة وسنين عديدة بالخير والبركة والقداسة.
كما أطلع د. عبس غبطته بالتحضيرات الجارية إستعدادًا لليوبيل الخمسين لتأسيس مجلس كنائس الشرق الأوسط في العام 2024 إضافةً إلى أبرز الأنشطة الّتي سينظّمها المجلس للمناسبة. من هنا، طلب د. عبس بركة غبطته للحدث المسكوني الموسيقي الّذي سيقوم به المجلس في كانون الثاني/ يناير المقبل، داعيًا غبطته للمشاركة فيه. علمًا أنّ هذا الحدث سيجمع مجموعة من الجوقات الموسيقيّة من مختلف العائلات الكنسيّة والتقاليد الطقسيّة.
في هذا الإطار، بحث المجتمعون في مسألة وحدة الكنيسة وشؤون متعلّقة بالعلاقات المسكونيّة بين الكنائس حيث شدّدوا على أهميّة التلاقي وبناء الجسور في ما بينها. إلى ذلك، تطرّق المجتمعون إلى قضايا متعلّقة بمستجدّات الظّروف الصّعبة الّتي يمرّ بها الوطن والمنطقة خصوصًا الحرب الدائرة في غزّة وتداعياتها الهائلة.