Հինգշաբթի, 22 դեկտեմբեր 2016-ին, Դամասկոսի Հայ կաթողիկէ Փարոս վարժարանի աշակերտները, մեծ շուքով նշեցին Ս. Ծննդեան տօնը: Առաւօտեան եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ աշակերտական Ս. Պատարագ, զոր մատուցանեց ժողովրդապետ Հ. Գէորգ վրդ. Պահէեանը: Ս. Պատարագի աւարտին թափօրը գլխաւորելով, վարդապետը նորածին Յիսուս Մանուկը զետեղեց Մսուրին մէջ, բոլորին անունով կատարելով յատուկ մաղթանք մը՝ փրկիչը խաղաղութիւն պարգեւէ Սուրիոյ: Այնուհետեւ աշակերտները մէկտեղուեցան Ամինեան սրահին մէջ, ուր տեղի ունեցաւ յատուկ հանդիսութիւն նուիրուած Ս. Ծննդեան: Ներկաները կը գլխաւորէին Արհի. Յովսէփ եպս. Առնաութեան առաջնորդը համայնքիս եւ Հ. Գէորգ վրդ Պահէեան որուն ջանքերով կարելի եղաւ յաջողցնել սոյն տօնահանդէսը: Իր ներկայութեամբ՝ Փարոս վարժարանի ընտանիքը պատուած էր պետական երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեան։ Ներկայ էին նաեւ դպրոցի պետական տնօրէնուհին ու բազմաթիւ բարեկամներ: Յայտագրին բացումը կատարեց Գերապայծառ Տէրը իր սրտի խօսքով, որմէ ետք աշակերտները ներկայացուցին գեղեցիկ յայտագիր մը երգերով, արտասանութիւններով ու բեմական պատկերներով, ապա ժամանեց կաղանդ պապան ու արժէքաւոր նուէրներ բաժնեց բոլոր աշակերտներուն՝ բոլորին ուրախութիւնը բազմապատկելով:
ԼՈՒՐԵՐ
Ս. ՓՐԿԻՉ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԿԱՄԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ՄԵԾԱՐԱՆՔ
Պէյրութի Պատրիարքական...
ՆՈՐ ԱՆՈՒԱՆՈՒՄ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. ՌԱՖԱՅԷԼ ՊԵՏՐՈՍ ԻԱ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ-ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ
Պէյրութ, Հայ Կաթողիկէ...
ԿՈՉ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ՝ Ի ԽՆԴԻՐ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒՆ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՄԱՆ
Ամենապատիւ Հոգևոր Տէր...