Գերպծ. Հ. ՆԵՐՍԷՍ Թ. Ծ. Վ. ԶԱՊԱՐԵԱՆ Նշանակուած է Առաքելական Կառավարիչ Պաղտատի Հայ Կաթողիկէ Թեմին

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Գերպծ. Հ. ՆԵՐՍԷՍ Թ. Ծ. Վ. ԶԱՊԱՐԵԱՆ Նշանակուած է Առաքելական Կառավարիչ Պաղտատի Հայ Կաթողիկէ Թեմին

 

Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսին առաջարկութեամբ, Ն. Ս. Ֆրանչիսկոս Պապը Գերպծ. Հ. Ներսէս Թ. Ծ. Վ. Զապարեանը նշանակած է Առաքելական Կառավարիչ Պաղտատի Հայ Կաթողիկէ Արքեպիսկոպոսական Թեմին, որ թափուր մնացած էր թեմին տիտղոսաւորին՝ Արհի. Հ. Էմմանուէլ Արք. Տապպաղեանին հրաժարումով՝ կանոնական տարիքի բերումով։

Հ. Ներսէս Թ. Ծ. Վ. Զապարեան ծնած է Հալէպ՝ 6 յունիս 1969-ին։ Հալէպի Հայ Կաթողիկէ Ընծայարանը աւարտելէ ետք, ընդունուած է Հռոմի Լեւոնեան Հայ Վարժարանը եւ յաճախած՝ Ս. Թովմաս Ագուինացիի Համալսարանը, իբր ուսանող Իմաստասիրութեան եւ Աստուածաբանութեան։ Քահանայ ձեռնադրուած է 31 հոկտեմբեր 1999-ին՝ իբր անդամ Հալէպի թեմական կղերին։

Իր հովուական զանազան առաքելութիւնները կատարած է Հալէպի մէջ՝ իբր Ս. Վարվարայ եկեղեցւոյ փոխ-ժողովրդապետ, տեղւոյն ժողովրդապետական դպրոցի տնօրէն, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ եւ դասատու Հալէպի քրիստոնէական Աստուածաբանութեան վարժարանին մէջ։

 

ԴԻՒԱՆ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ