Երեքշաբթի, 24 Մայիս 2022-ի յետմիջօրէի ժամը 3։00-ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը ընդունեց Արցախի հանրապետութեան Ազգային Ժողովի նախագահ Արթիւր Թովմասեան եւ արտաքին գործերու փոխ նախարարուհի Արմինէ Ալեքսանեան, Արցախի հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Դաշնակցութիւն խմբակցութեան նախագահ Արթիւր Մոսիյեան։ Հայրենի պատուիրակութեան կ’ընկերակցէր Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներ Տքթ. Էլի Թաշճեան եւ Յակոբ Լատոյեան։
Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Արհիապատիւ Տէր Գէորգ Ասատուրեան, եւ Հայ Կաթողիկէ կղերական դասը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան յատկապէս վերջին տարիներու արցախեան իրադարձութիւններու մասին, որուն շուրջ Հոգեւոր Տէրը յատկապէս շեշտադրեց ազգային միասնականութեան անհրաժեշտութիւնը, հայրենիքի համար ճակատագրական այս ժամանակաշրջանը ազգովին յաղթահարելու համար։