Արցախ. ՊԱՏԵՐԱԶՄԷՆ ԱՆԴԻՆ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԻՒՆԸ

Մինչ անցեալ 27 Սեպտեմբերին Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ սանձազերծուած վայրագ յարձակումները կը շարունակուին եւ մէկ ամսուան ընթացքին երեք անգամ հռչակուած եւ չյարգուած հրադադարը կը մնայ թուղթի վրայ, մարդասիրական կացութիւնը օրէ օր կ’աճի եւ վերջին տուեալներուն համաձայն, Արցախի 24 հազար մանուկներ զրկուած կը մնան ուսումէ ու իրենց մանկական երջանկութենէն, ապա բազմաթիւ հայ երիտասարդ եւ տարեց հերոսներ կը շարունակեն իրենց կեանքը նուիրել հայրենիքի պաշտպանութեան համար։

Այս կացութեան մասին Վատիկան Նիուզի իտալական բաժնի հետ զրուցեց Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէներու առաջնորդ՝ Արհիապատիւ Ռաֆայէլ Արքեպիսկոպոս Մինասեան, որ է նաեւ Հայկական Քարիթասի նախագահը։

«Մարդասիրական տագնապը կը դառնայ միշտ աւելիով ծանր» հաստատեց Արքեպիսկոպոս Մինասեան, «եւ պիտի ըսեմ նոյնիսկ աղէտալի» աւելցուց ան, խօսելով Քարիթասի տարած աշխատանքին մասին, ի սպաս Հայաստան ապաստան գտած հայորդիներուն, որոնց մեծամասնութիւնը կազմուած է տարեցներէ, կիներէ եւ մանուկներէ, մինչ այր մարդիկը ճակատի վրայ կը շարունակեն հերոսաբար պաշտպան կանգնիլ իրենց հայրենի հողերուն։

Գերապայծառ Մինասեան նշեց թէ կարիքը կայ ամէն տեսակ օգնութեան, սկսեալ ուտեստեղէնէն, դեղորայքէն, եւ նաեւ բարոյական աջակցութենէն… Ան ապա մտավախութիւն յայտնեց ի տես ձմեռային եղանակի մօտեցումին եւ ցուրտին, որուն բերումով պէտք է նաեւ հոգալ ապաստանարաններու մէջ ջերմութեան հարցը։

Գերապայծառ Մինասեան դատապարտեց քաղաքային բնակչութեան դէմ գործադրուած բռնութիւնները, հուսկ կոչ ուղղեց մինակ չի թողելու հայերը եւ աջակցելու գաղթական ընտանիքներու կարիքներուն։

Զրոյցի աւարտին Ան մաղթեց որ վերջ գտնէ պատերազմը ու աղօթք բարձրացուց առ Աստուած՝ որպէսզի խնայուին անմեղ մարդոց կեանքերը։

ՌՈՊԷՐ ԱԹԹԱՐԵԱՆ

Վատիկան