Պէյրութ
Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Դիւանը կը տեղեկացնէ թէ, յետ վախճանման Երջանկայիշատակ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին եւ ցորքան թափուր կը մնայ Պատրիարքական Աթոռը, Արհիապատիւ Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեան, Բարեջան Առաջնորդ Բերիոյ թեմի Կաթողիկէ Հայոց եւ անդամ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Մնայուն Սիւնհոդոսին, կը դառնայ Պատրիարքական Կառավարիչ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, ըստ Արեւելեան Եկեղեցիներու Կանոնագրքի թիւ 127 կանոնին:
Անոր հիմնական պաշտօնն է հրաւիրել բոլոր Սիւնհոդոսական Հայրերը ընտրական Սիւնհոդոսի, ընտրելու համար Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ նոր Կաթողիկոս Պատրիարքը:
ԴԻՒԱՆ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ