ԱՐՀԻ. ՄԱՆՈՒԷԼ ԵՊՍ. ՊԱԹԱԳԵԱՆ ԿԸ ԲՈԼՈՐԷ ԻՐ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ  ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 25 ԱՄԵԱԿԸ

Սիրելի Եղբայրներ ի Քրիստոս,

Այսու սրտի մեծ ուրախութեամբ կը հաղորդենք թէ երէկ՝ 12 Մարտ 2020-ին մեր երիցագոյն եղբայրը՝ Մանուէլ Եպիսկոպոս Պաթագեան բոլորեց իր եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան 25 ամեակը (12/3/1995 – 12/3/2020):

Ան անխոնջ աշխատելով ծառայեց մեծ անձնուիրումով եւ ջանք չխնայեց իր գործօն մասնակցութիւնը բերելու Աստուծոյ Արքայութեան կերտումին՝ մեր Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիէն ներս:

Այս առիթով կը խնդակցինք եւ փառք կու տանք Աստուծոյ, միաժամանակ  հայցելով որ մեր սիրելի Գերապայծառին պարգեւէ քաջառողջութիւն եւ երկար կեանք:

ԴԻՒԱՆ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ