ԱՐԱՐԱՏ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԻՐՈՋ ՀԵՏ

Հոկտեմբեր 26֊ին Վատիկան պաշտօնական այցի շրջանակներու մէջ ՀՀ ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեան այցելեց Քահանայապետական Լևոնեան հայ վարժարան, ուր հանդիպում ունեցաւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեանի հետ։ ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան համաձայն, Պատրիարքի հետ հանդիպման ընթացքին ԱԳ նախարարը ընդգծած է Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ դերը Հայաստան-Սփիւռք կապերու ընդլայնման գործին մէջ և պատասխանած է հանդիպումին մասնակցող հոգևորականներու հարցումներուն։