Երեքշաբթի, 12 Հոկտեմբեր 2021-ին, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը ընդունեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի շնորհաւորական այցը Պէյրութի հայ կաթողիկէ Պատրիարքարանին մէջ։
Վեհափառ Հայրապետը ջերմօրէն շնորհաւորեց Հոգեւոր Տիրոջ ընտրութիւնը իբրեւ կաթողիկոս Պատրիարք Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ հայ կաթողիկէ Պատրիարքութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող գործակցութեան եւ յոյս յայտնեց, որ մօտէն ճանչցած ըլլալով Հոգեւոր Տէրը՝ գործակցական ոգիով ու նուիրեալ ծառայութեամբ իր կարեւոր նպաստը պիտի բերէ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ պայծառութեան եւ հայ ժողովուրդի ներքին միասնականութեան ամրապնդման։
Իր կարգին, Հոգեւոր Տէրը իր հոգեկան գոհունակութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին բարեմաղթանքներուն համար, ինչպէս նաեւ երկար տարիներ մօտէն ճանչնալով Նորին Սրբութիւնը, ծանօթ ըլլալով անոր միջ-եկեղեցական հարուստ փորձառութեան եւ Վատիկանի հետ ունեցած սերտ կապերուն՝ վստահեցուց, որ Պատրիարքութեան գործակցութիւնը նոյն ոգիով պիտի շարունակուի քոյր եկեղեցիներու միջեւ։
Ապա, աւելի քան ժամ մը մտերմիկ մթնոլորտի մէջ զրոյց տեղի ունեցաւ երկու հոգեւոր պետերուն միջեւ։
Յայտնենք, որ հանդիպման Վեհափառ Հայրապետին կողքին ներկայ էին Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան, Վենեզուելային հոգեւոր տեսուչ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան, Կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան եւ Վեհափառ Հայրապետին գաւազանակիր Հոգշ. Տ. Սարգիս Աբղ. Աբրահամեան։ Իսկ Հոգեւոր Տիրոջ կողքին ներկայ էին Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Գերապայծառ Տ. Գէորգ Ասատուրեան, Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Զմմառու Վանքի Մեծաւոր Հ. Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեան եւ Լիբանանի ու Հայաստանի մէջ ծառայող հոգեւորականներ։