ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ ԶՄՄԱՌՈՒ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Շաբաթ 6 Յունուար 2018-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Աստուածայայտնութեան տօնին, Զմմառու Վանքի Մայր Տաճարին մէջ, Զմմառու Մայրավանքի ընդհանուր մատակարար Հ. Անտոն վրդ. Նորատունկեան Ս. Պատարագ մատուցանեց: Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին վարչական հայրեր, դպրեվանքի նորընծաներ և հաւատացեալ ժողովուրդ: Յընթացս Սուրբ Պատարագին գերապատիւ հայրը իր քարոզին մէջ, անդրադառնալով օրուան խորհուրդին, ըսաւ թէ՝ «Յայտնութիւնը Քրիստոսի աստուածային բնութեան յաւիտենական ճշմարտութիւնն է: Հայ Եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն՝ ջուրի օրհնութիւնը Ս. Միւռոնով կը կատարուի, որպէս աստուածային օրհնութիւն և դարման հիւանդութեանց: Աւելի՛ն, մարդոց նոր արարած ըլլալու շնորհքը կը տրուի»:Ս. Պատարագի աւարտին՝ հանդիսաւոր կերպով տեղի ունեցաւ աւանդական Ջրօրհնէքի կարգը:

Յաւարտ Սուրբ Պատարագին, հոգեւոր հայրերը, դպրաց դասն ու հաւատացեալները հանդիսաւոր թափօրով ուղղուեցան վանքին մայր դահլիճը, ուր տնօրհնէք,  ապա յաւուր պատշաճի հիւրասիրութիւն եւ փոխադարձ մաղթանքներ կատարուեցան: