Ուրբաթ, 31 Մայիս 2024-ի, երեկոյեան ժամը 6-ին, «Ս. Փրկիչ» եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Արհիապատիւ Հ. Գրիգոր Եպս. Պատիշահի, Պէյրութի Պատրիարքական թեմին օգնական նորօծ եպիսկոպոսին, Մայիսեան Ջերմեռանդութեան փակումը կատարուեցաւ, հոգեւորականներու եւ Մարեմասէր հաւատացեալներու հոծ բազմութեան մասնակցութեամբ:
Ս. Վարդարանի աղօթքէն ետք, Գերապայծառ Տէրը քարոզեց Ս. Կոյս Մարիամի խոնարհութեան մասին, հրաւիրելով բոլոր ներկաները նմանիլ անոր առաքինի վարքին:
Ապա հանդիսաւոր թափօրով «Ս. Մեսրոպ»ի սկաուտախումբին եւ «Ս. Փրկիչ» Շեփորախումբի նուագներու առաջնորդութեամբ, «Յիսուսի Բարեկամ» դպրաց դասի սպասաւորութեամբ, Մարիամի կերպարը ներկայացնող արձանն ու Խաչվառը ուսամբարձ շալկած «Բարեսիրական Միութեան» ու «Բարեսէր Տիկնանց Միութեան» անդամ-անդամուհիները եւ բոլոր ներկաները «Ս. Փրկիչ» եկեղեցիէն ուղղուեցան դէպի Նոր Մարաշ փողոցը եւ Նոր Արաքս թեքուելով, «Արծիւեան» երգչախումբի Մարեմական տաղերով ու աղօթքով մուտք գործեցին Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի շրջափակը:
Այնտեղ Գերապայծառ Հ. Գրիգորը, Զմմառու Տիրամօր Պատկերով օրհնեց եւ «Պահպանիչ» աղօթքով արձակեց հազարաւոր հաւատացեալներու բազմութիւնը:
ԴԻՒԱՆ
«Ս. ՓՐԿԻՉ» ԺՈՂՈՎՐԴԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ