ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

Աշխարհասփիւռ եւ հայրենաբնակ համայն հայութիւնը՝ Հայաստանէն մինչեւ Քանատա, Աւստրալիա եւ Միացեալ Նահանգներ, Լիբանանէն եւ Սուրիայէն մինչեւ Լոնտոն, Ֆրանսա, Յունաստան, Թուրքիա եւ եւրոպական ոստաններ, արժանավայել ձեռնարկներով՝ եկեղեցական արարողութիւններով, Նահատակաց Յուշակոթողներուն շուրջ հաւաքներով, հրապարակային հանդիսութիւններով ոգեկոչեց Հայոց ցեղասպանութեան 103-ամեակը, վերահաստատելով իր հաւատարմութիւնը սուրբ Նահատակաց կտակին, ազգային եւ հոգեւոր արժէքներուն եւ պահանջատիրական երթը շարունակելու վճռականութիւնը։

Այս շրջագիծէն ներս, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւնը Ցեղասպանութեան 103-րդ տարելիցը ոգեկոչեց հանդիսաւոր սուրբ Պատարագով եւ հսկումի երեկոյթով։

Արդարեւ, Երեքշաբթի, 24 ապրիլ 2018-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Ժեհթաուիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի բակին մէջ, նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին եւ ներկայութեամբ արհիապատիւ, գերյարգելի, գերապատիւ, արժանապատիւ հայրերու, առաքինափայլ քոյրերու Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան մատուցանեց հանդիսաւոր սուրբ Պատարագ, մասնակցութեամբ հայ կաթողիկէ ժողովրդպետութիւններուն, միութիւններուն եւ վարժարաններուն։ Պատարագին երգեցողութիւնը կատարեց Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ «Արծիւեան» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Մանուէլ Քէշիշեանի: Շրջաբակը լեցնող հաւատացեալներու առաջին շարքերուն վրայ կը նշմարուէր ներկայութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի, դեսպանատան անձնակազմին եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններու։

Ս. Պատարագի աւարտին հոգեկրօն շունչով քարոզեց Զմմառու դպրեվանքի տեսուչ Գրիգոր վրդ. Պատիշահ: Ան նշեց, որ այսօրուան համախմբման նպատակն է Յիսուսի վեհագոյն խորհուրդին` կեանքի, յոյսի, սիրոյ եւ գոհութեան խորհուրդին դիմաց յիշել եւ վերյիշեցնել համայն աշխարհին, որ հայոց պատմութեան տարեգրութեան մէջ 24 ապրիլը ջարդի, ցեղասպանութեան, հայերու կոտորածի, բռնագաղթի եւ ողբերգութեան թուական մը չէ այլեւս: 24 ապրիլը հայ ազգի յարութեան տօնն է, նման մեր փրկչին` Յիսուս Քրիստոսի յարութեան, որով «մահուամբ զմահ կոխեաց» եւ իր մահով «զկեանս պարգեւեաց»:

Գրիգոր վարդապետ նշեց, թէ տրտմագին սրտով կ՛ոգեկոչենք յիշատակը  օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայ ժողովուրդի բնաջնջման ի խնդիր պետականօրէն ծրագրուած ու գործադրուած այն մեծ ու անծայրածիր ողբերգութեան, զոր ոչ մէկ գրիչ կրնայ պատկերացնել: Յիշելը պարտադիր է, ինչպէս պիտի ըսէր Հռոմի Ֆրանչիսկոս քահանայապետը. «Հոն՝ ուր յիշատակ չկայ, այնտեղ չարիքը դեռ բաց կը պահէ վէրքը: Ծածկել յանցանքը, կը նշանակէ թոյլ տալ, որ վէրքը արիւնահոսի: 20-րդ եւ 21-րդ դարերուն հերոս վկաներու յիշատակը մեզի կը հաւաստիացնէ, թէ եկեղեցին մարտիրոսներու եկեղեցի է, եւ մարտիրոսները անոնք են, որոնք շնորհապարգեւը ունեցան խոստովանելու Յիսուսը` մինչեւ վերջ, մինչեւ մահ»:

Հայ ժողովուրդի Գողգոթայի ուղին եղաւ իրական ու վաւերական խորհրդանիշ բացուող նոր կեանքի արշալոյսին, քանի որ անոնք իրենց կեանքով ու սխրագործութեամբ վկաներ հանդիսացան Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան:

1915-էն մինչեւ 1923 հայ ժողովուրդի ու եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ մեծագոյն կորուստի տարիներ եղան: Սակայն ժողովուրդի մը իսկական եւ ահաւորագոյն կորուստը` անոր ազգային դիմագիծի աղաւաղումն է, ձուլումն ու ուծացումը: Ամէն օր աշխարհի զանազան ցամաքամասերուն մէջ հայու երակներէն կաթիլ մը արիւն եւս ծորելով կը պակսի, ու կ՛այլասերինք իւրացնելով օտարին մշակոյթը: Հայր Գրիգոր նշեց, որ մեր ներկան մութ է եւ ապագան պղտոր ու մռայլ: Այսօր ազգային լեզուի պահպանման մարտահրաւէրն է, որ դարձած է մտահոգիչ ամէն առումով: Հայոց լեզուն այն խարիսխն է, որուն յենած կրնանք պաշտպանուիլ այլասերումի անողոք հարուածներէն: Մեր ընտանիքներու յարկին տակ, մեր դպրոցներուն մէջ, հաւաքոյթներուն ընթացքին հայոց լեզուն պէտք է ըլլայ մեր ազգային միակ դրօշը, որուն ներքեւ համախմբուելով կարելի պիտի ըլլայ շարունակել մեր սրբազան պայքարը: Ուխտենք առաւել արթնամտութեամբ եւ գիտակցութեամբ վերատեսնել մեր կեանքը, կենսաւորել մեր քրիստոնէական հաւատքը եւ վերարժեւորել մեր հայու իսկական ընթացքը:

Գրիգոր վրդ. Պատիշահ իր քարոզը աւարտեց կոչ ընելով տարբեր քաղաքակրթութիւններու մէջ յայտնուած հայու բեկորներուն զինուելու ազգային ու քրիստո-նէական գաղափարախօսութիւններով՝ դիմագրաւելու համար իրենց ինքնութեան սպառնացող երեւոյթները եւ ուծացման ամենակուլ վտանգը:

Ապա թափօր կազմուեցաւ դէպի Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ կանգնած Նահատակաց յուշակոթող` առաջնորդութեամբ Զալքայի ՀԿՄ.ի շեփորախումբին, մասնակցութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին, զոր կը շրջապատէին արհիապատիւ, գերյարգելի, գերապատիւ, արժանապատիւ հայրեր, որոնց կը հետեւէին Անարատ Յղութեան Միաբանութեան առաքինափայլ քոյրեր, հայ կաթողիկէ վարժարաններու ուսուցչակազմեր եւ աշակերտներ, ՀԿՄ-ականներ, սկաուտներ, հայ կաթողիկէ միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ ներկայ ժողովուրդը: Նահատակաց յուշակոթողին շուրջ, զոր 1939-ին կանգնեցուցած է երջանկայիշատակ կարդինալ Աղաճանեան, նահատակաց աղօթք կատարուեցաւ եւ տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում: