Անարատ Յղութեան Տօնին առթիւ, շաբաթ, 8 դեկտեմբեր 2018-ի կէսօրուան ժամը 12.00-ին, Հռոմի Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան մայրավանքին մէջ, սուրբ եւ անմահ Պատարագ տեղի ունեցաւ նախագահութեամբ՝ Բերիոյ Հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ Արհի. Պետրոս Արք. Միրիաթեանի։ Պատարագը մատուցանեց ապա օրուան պատգամը փոխանցեց Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ վարժարանի մեծաւոր՝ Գերյ. Նարեկ ծ. վ. Նաամոյեան, որմէ ետք խօսք առաւ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան ընդհանուր մեծաւորուհի Մայր Արուսեակ Սաճոնեան: Ս. Հաղորդութիւնը ճաշակելէ առաջ ներկայ միաբանակից քոյրերը մեծաւորուհի մօր հետ ծնրադիր նորոգեցին իրենց միաբանութեան ուխտը Աստուծոյ եւ գերյարգելի հօր դիմաց: Ս. արարողութեան ներկայ գտնուեցան գերապատիւ լատին հայրեր, Լեւոնեան վարժարանի ժառանգաւորները, Խաղաղութեան Ձայնի (Tele Pace) եւ Ռատիօ Վատիկանի (Radio Vaticana) հայերէն բաժիններու անձնակազմերը:
Ս. Պատարագի աւարտին «Ողջոյն Քեզ Անարատ Յղացեալ» տաղը երգելէ ետք, բոլորը միասնաբար ուղղուեցան մայրավանքին հացատունը, որպէսզի սիրոյ սեղանի մը շուրջ շարունակեն օրուայ տօնակատարութիւնն ու Միաբանութեան անուանակոչութեան տօնը:
ԺԱԳ ՔԷՇԻՇԵԱՆ