Հինգշաբթի, 28 Փետրուար 2019-ի, կէսօրուան ժամը 1:00-ին, Սրբոց Վարդանանց զօրավարաց տօնին առիթով, եղբայրական ագապ մը տեղի ունեցաւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին հրաւէրով, Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարանին մէջ, որուն ներկայ գտնուեցան՝ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ կաթողիկէ թեմերու առաջնորդ Արհիապատիւ Տէր Ռաֆայէլ Արք. Մինասեան, Հալէպի եւ Բարձր Ճազիրէի Հայ կաթողիկէ թեմերու առաջնորդ Արհիապատիւ Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեան, Եգիպտոսի Հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ Արհիապատիւ Գրիգոր Օգոստինոս Եպս. Գուսան, Ֆրանսայի եւ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայ կաթողիկէ թեմի վաստակաւոր առաջնորդ Արհիապատիւ Հայր Յովհաննէս Եպս. Թէյրուզեան, Արեւելեան Եկեղեցիներու Խորհուրդի առաջին քարտուղար Արհիապատիւ Չիրիլ Եպս. Վասիլ, Ք.Լ.Հ.Վ.-ի մեծաւոր Գերյարգելի Նարեկ ծ.վ. Նաամոյեան, գերյարգելի եւ գերապատիւ հայրեր եւ վարժարանի ժառանգաւորները:
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ֆրանսերէն լեզուով ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք, ներկայացուց օրուայ Սուրբերուն աննկուն վարքը։ «Այսօր Հայ Եկեղեցին եւ համայն Հայ ժողովուրդը մեծ շուքով կը տօնակատարէ Վասն Կրօնի եւ Հայրենեաց աւելի քան 15 դար առաջ մղուած պատերազմի մը յաղթանակը։ Արդարեւ, Վարդանի, Ղեւոնդի եւ 1036 մարտիրոս նահատակներու անթառամ յիշատակին կը պարտինք մեր Քրիստոնեայ եւ Հայ ինքնութիւնները» ըսաւ ան, շեշտելով հայկականութիւնը պահպանելու եւ ազգասիրութեան կարեւորութիւնը։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը յիշատակեց Ս. Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի խօսքը՝ «Հայերը պէտք է որ Հայ մնան, որպէսզի Քրիստոնեայ մնան»։ Ապա ան անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի իրավիճակին ըսելով. «Բոլորս ականասես ենք Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու տառապալի իրավիճակին, որուն հետեւանքով անոնք մեծ թափով կը հեռանան շրջանէն»։ Այս իրողութեան պատճառներէն մէկը նկատելով քաղաքական անորոշութիւնը որ կը տիրէ շրջանէն ներս, ան իբրեւ օրինակ յիշատակեց Լիբանանի նախագահական աթոռին շուրջ երկու ամիս թափուր մնալը , իսկ վերջերս ինը ամիսներ երկրին առանց կառավարութեան գոյատեւումը:»
Այնուհետեւ ներկաներուն անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Վասիլը եւ Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրիի ողջոյները փոխանցելէ ետք, իտալերէնով ընդգծեց համակեցութեան կարեւորութիւնը, նշելով որ ինչպէս 800 տարիներ առաջ Ս. Ֆրանչիսկոսի Եգիպտոս այցելութեան եւ իսլամ հոգեւորականի հանդիպման օրինակին հետեւելով, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը այցելեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ։ Ապա ան գնահատեց հայ ժողովուրդին վարքը եւ բիւրաւոր հայ նահատակ Սուրբերու համբերութիւնն ու հայկականութիւնը պահելու կամքն ու կտակը։ «Դո՛ւք հայերդ, միշտ պահած էք ձեր հայ ինքնութիւնը, հակառակ տառապալի պայմաններուն ու զրկանքներուն: Իսկապէս դուք ցայտուն օրինակ մըն էք Միջին Արեւելքի ժողովուրդներուն: Իսկ մենք՝ մեր կարգին Աստուծոյ կամքով եւ մեր կարողութեան ներած չափով պիտի փորձենք առաւելագոյն կերպով պահել եւ պահպանել բոլոր Արեւելեան Եկեղեցիները» ըսաւ Սրբազանը:
Հուսկ, Հոգեւոր Տիրոջ Հայրապետական օրհնութեամբ եւ «Զկերողս» աղօթքով վերջ գտաւ օրուան տօնակատարութիւնը:
ԺԱԳ ՔԷՇԻՇԵԱՆ