ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԷՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը՝ 8 յունուար 2018, երկուշաբթի երեկոյեան, այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին, ընկերակցութեամբ Պէյրութի Հայ կաթողիկէ թեմի օգնական եպիսկոպոս արհի. Գէորգ Ասատուրեանի, արհի. Մանուէլ եպիսկ. Պաթագեանի եւ Հայ կաթողիկէ պատրիարարանի տեղեկատուական բաժանմունքի պատասխանատու Սեպուհ վրդ. Կարապետեանի։ Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Գերշ. Կոմիտաս արք. Օհանեան եւ կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Պետրոս վրդ. Մանուէլեան։

Ամանորեան եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով շնորհաւորութեան եւ բարեմաղթանքներու փոխանակումէն ետք, շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպումի ընթացքին տեղի ունեցած խօսակցութիւնը շօշափեց մասնաւորաբար Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն, Լիբանանի ներքին իրավիճակին, յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն, սուրիահայութեան վերականգնումի աշխատանքներուն եւ Միջին Արեւելքի կացութեան վերաբերող հարցեր։