Ուրբաթ, 27 Մայիսին Կլէնտէյլի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին ապրեցաւ յատուկ պատմական պահ մը, դիմաւորելով իր երբեմնի ժողովրդապետ եւ այժմ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հայրապետ` Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը որ հովուապետական այցելութեամբ մեկնած է Միացեալ Նահանգներ` տեղւոյն առաջնորդ Արհ. Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատեանի հրաւէրով։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ կ’ընկերանայ Հայր Անտոն Վրդ. Նորատունկեան, որ երկար տարիներ ապրած ու ծառայած է Միացեալ Նահանգներուն մէջ եւ այժմ կը ծառայէ Լիբանանի Զմմառու Վանքին մէջ որպէս մատակարար։
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ Հովուական այցելութիւնը սկսաւ բարի գալուստի արարողութեամբ, որ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 27 Մայիսի երեկոյեան ժամը 7-ին, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ, Հրաշափառի եւ Երեկոյեան ժամերգութեան արարողութեամբ, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին բազմաթիւ հաւատացեալներ, Հայ կաթողիկէ կղերական դասի անդամներ, Հայկական տարբեր յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներ` ինչպէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Աթոռէն, Գերաշնորհ Տ. Թորգոմ Եպիսկոպոս Տօնոյեան՝ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ, Հայր Տաճատ Եարտըմեան, որպէս ներկայացուցիչ Էջմիածնի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովհան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի, Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ` Վերապատուելի Հենրիք Շահնազարեան։ Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Մարոնիթ համայնքի եպիսկոպոս՝ Ապտալլահ Զէյտան, Նորպըրթայն Միաբանութենէն Հայր Ճոն Հենրի Հենսըն եւ Անթիլիասի աթոռէն վաստակաւոր առաջնորդ`Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, մինչ խորանին սպասաւորութիւնը կատարեցին Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ սարկաւագներն ու երիտասարդները եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ բազմաձայն երգչախումբը։
Ներկայ էին նաեւ քաղաքական, ընկերային եւ հասարակական հայկական եւ ամերիկան անձնաւորութիւններ ինչպէս ծերակուտական Անթոնի Փորթանթինօն, Կլէտէյլի քաղաքապետ Արտի Քասախեան, ՀՀ դեսպան Արմէն Պայպուրթեան, Լոս Անճելըսի քաղաքապետի օգնական Փօլ Գրիգորեան, նաեւ հայական զանազան կուսակցական եւ ընկերային ծառայութեան ներկայացուցիչներ, ինչպէս ՀՅԴ, Ռամկավար եւ Հնչակեան կուսակցութիւններէն, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութենէն եւ աշխարհական այլ ներկայացուցիչներ։
Ժամերգութեան արարողութեան աւարտին տեղւոյն առաջնորդ` Արհ. Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատեան բարի գալուստի խօսք ուղղելով Հոգեւոր Տիրոջ, յիշեցուց, թէ ինչպէս Եկեղեցին, որ այսօր կը հիւրընկալէ պատուաւոր հիւրը, կառուցուած է անո՛ր տքնաջան ջանքերով եւ աշխատանքով. «Այսօր ինծի համար մեծ ուրախութիւնն է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչին նուիրուած այս տաճարին մէջ ձեր բոլորիդ անունով բարի գալուստ մաղթել մեր շատ սիրելի Հոգեւոր Տիրոջ` ՏՏ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս Պատրիարքին. բարի եկած Հոգեւոր Տէր։ Բարի եկած էք ձեր տունը», ըսաւ Գերապայծառ Մուրատեան, որ ապա յիշեց թէ ինչպէս այդ եկեղեցւոյ կառուցումը` որ այսօր դարձած է Թեմին աթոռանիստ Եկեղեցի, կը պարտին Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ տարիներու անխոնջ աշխատանքին։
Իր կարգին խօսք առնելով Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ըսաւ. «Ես եկած եմ տուն, ճի՛շդ է, շնորհակալութիւն յայտնելու գերապայծառ Տիրոջ ու ձեզի բոլորիդ, բայց իմացէք, որ այս գործը ես չըրի՝ այլ Քրիստոսն է, որ զայն իրականացուց իմ միջոցաւս։ Ես եկած եմ ձեզի փոխանցելու այն ինչ` որ աղօթեցինք քիչ առաջ ժամերգութեան ընթացքին, այն է` որ Աստուած մեր մէջ աւելցնէ յոյսը, սէրը եւ բարեգործութիւնը, որպէսզի արժանի ըլլանք իր ողորմութեան եւ իր ներկայութեան մեր կեանքին մէջ»։
«Աստուած ինծի այսօր տուաւ աւելի մեծ պատասխանատուութիւն, որ աւելիով եւ աւելիով ծառայեմ Իրեն, ձեզի տալով իր պատգամը` որ սիրէք զիրար ինչպէս ինք մեզ սիրեց։ Շնորհակալութիւն որ եկած էք այս արարողութեան» ըսաւ հուսկ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը եզրափակելով իր խօսքը։
Արարողութեան աւարտին տեղի ունեցաւ` Հոգեւոր Տիրոջ այցելութեան առթիւ Եկեղեցւոյ մուտքին զետեղուած յուշաքարի օրհնութիւնը, որուն յաջորդեց ընդունելութիւն եւ հանդիպում Հայ կաթողիկէ հաւատացեալներուն հետ։