Չորեքշաբթի, 8 Յունուար 2020-ի յետմիջօրէին, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Գրիգոր Պետրոս Ի. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Անթիլիաս։
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ կ’ընկերակցէին Արհիապատիւ Մանուէլ Եպս. Պաթագեան եւ Զմմառու վանքի մեծաւոր եւ Միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ Գերապայծառ Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեան։
Հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ անդրադառնալու Լիբանանի եւ շրջանէն ներս տիրող ընդհանուր կացութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան: Երկու հոգեւոր պետերը կարեւորութեամբ շեշտեցին մեր ժողովուրդին ներքին միասնականութեան ամրապնդման հրամայականը: