Ամենապատիւ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը ընդունեց Նիքոլա Թուէյնին

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը Հինգշաբթի, 22 դեկտեմբեր 2016֊ին, կէսօրուան ժամը 1։00, Հայ կաթողիկէ Պատրիարքարանին մէջ ընդունեց նորակազմ կառավարութեան անդամ՝ փտածութեան դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնին ընկերակցութեան իր գրասենեակի տնօրէն Նիուլա Իպրահիմի։ Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ Պատրիարքութեան Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս արհի. Գէորգ Ասատուրեան։

Շուրջ 30 վայրկեան տեւած հանդիպումին ընթացքին տեղի ունեցած խօսակցութիւնը շօշափեց երկիրը յուզող քաղաքական ու տնտեսական խնդիրները։ Նախարար Թուէյնի բարձր գնահատեց լիբանանահայութեան ներդրումը երկիրը տագնապեցնող խնդիրները լուծելու աշխատանքին։ Ան նշեց թէ իր նախարարութեան ստեղծումը արդիւնքն է փտածութեան դէմ պայքար մղելու Հանրապետութեան նախագահի վճռականութեան։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր կարգին գնահատեց Հանրապետութեան նախագահին այս վճռականութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց նորանշանակ նախարարի այս ուղղութեամբ տանելիք աշխատանքներուն։

Նախարար Թուէյնի շնորհակալութիւն յայտնեց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ քաջալերական խօսքերուն, յաջողութեան մաղթանքին եւ օրհնութեան համար։