1 – Ծագումը Զմմառու Միաբանութեան

Աբրահամ Պետրոս Ա. Կաթողիկոսի ժամանակ (1742 – 1749) պատրիարքական կղերը կազմուած էր Եպիսկոպոսներէ եւ մի քանի Անտոնեան կրօնաւորներէ, որոնք, 1750-ին Քրէյմի վանքէն փոխադրուեցան Զմմառու նորակառոյց վանքը: Հոն սկսան ապրիլ հասարակութեամբ, ինչպէս այդ ժամանակուայ հայ վանքերու վարդապետները, ապա Միքայէլ Պետրոս Գ. Գասպարեան Կաթողիկոսի օրով է որ կանոնական սահմանումը տեղի ունեցաւ:

Յակոբ Պետրոս Բ. Կաթողիկոսը (1749 – 1753) վանքին նիւթական կառուցուածքը աւարտելէ ետք, իր ամբողջ գուրգուրանքը դրաւ ամրացնելու բարոյական կառուցուածքը, հիմերը նետելով կազմակերպուած հասարակական կեանքի մը Զմմառու վանքին մէջ:

Այսպէս ծագում առաւ Զմմառու Կաթողիկոսական կղերին Միաբանութիւնը, որպէս Կաթողիկոսական Աթոռին կապուած միաբանութիւն, որպէս մնայուն ջոկատ մը, որ տեւապէս եւ առաքելութեան բոլոր մարզերուն համար տրամադրելի ըլլայ Կաթողիկոսին:

 

2 – Նպատակ

Միաբանութեան մասնայատուկ նպատակն է, ըստ 1986-ին լոյս տեսած եւ Արեւելեան Եկեղեցիներու կողմէ վաւերացուած կանոնագիրքին թիւ 4 յօդուածին՝

ա.- Կաթողիկէ համայնքը քարոզել հայ ազգին մէջ:

բ.- Քահանայական պաշտօն մատուցանել՝ ի ծառայութեան պատրիարքութեան, միաբանութեան եւ առաքելավայրերուն, ընդ իշխանութեամբ Պատրիարքին, Միաբանութեան Պատրիարքական փոխանորդին եւ թեմերու առաջնորդներուն, ըստ իւրաքանչիւրին իրաւասութեան:

գ.- Միաբանութեան դպրեվանքին մէջ կազմել միաբանութեան նոր անդամներ եւ Կաթողիկոսին տրամադրութեան տակ դնել զանոնք առաքելութիւններուն ի սպաս:

Առաջին օրէն, Զմմառու միաբանի յատկանիշը եղաւ՝ ցոյց տալ իր ամբողջական տրամադրելիութիւնը ծառայելու հայ ժողովուրդին ուր որ է, հետեւելով Կաթողիկոսին ուղղութիւններուն, որ ի կանոնէ միաբանութեան մեծաւորն է, նոյնիսկ եթէ ինք միաբան չէ: Կաթողիկոսը, արդարեւ, իր ընտրութեան օրն իսկ կը դառնայ միաբան եւ մեծաւոր միաբանութեան:

Անմիջականօրէն սակայն, կը կառավարէ միաբանութիւնը իր կաթողիկոսական փոխանորդին միջոցաւ, որ առ հասարակ է նաեւ վանքին մեծաւորը:

Իրենց հնազանդութեան ուխտին զօրութեամբ, Զմմառեանականները կրնան անձամբ սեպուիլ մնայուն կերպով զօրաշարժի ենթարկուած գունդ մը առաքեալներու, որոնք չեն կրնար մերժել իրենց առաջարկուած որեւէ առաքելութիւն, բացի երբ շատ լուրջ ու ծանր պատճառ մը ունին մերժելու:

Անոնք, իրենց ներդրումով ու անձնազոհութեամբ, հերոսական դրուագներ արձանագրած են Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ: Փոքր Ասիոյ գաւառներու մէջ դիմագրաւած են եղբայրասպան կռիւներ, Կովկասի մէջ, աւելի ուշ, իրենց առաքելութիւնը կատարած են գաղտնաբար: Անոնցմէ շատեր աքսորուած, բանտարկուած կամ սպաննուած են:

Մեծ Եղեռնի տմարդկային արհաւիրքին ինկան 15 նահատակներ, որոնցմէ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանը՝ տիպարը 21երորդ դարու կղերականին, պարծանքը Հայ Կաթողիկէ ու Տիեզերական Եկեղեցւոյ, հզօր պաշտպանը Զմմառու Միաբանութեան ու անոր մեծ դպրեվանքին:

 

3 – Վարչաձեւ

ա.- Զմմառու Միաբանութեան մեծաւորն է Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Կաթողիկոս Պատրիարքը, որ կը կառավարէ միաբանութիւնը իր պատրիարքական փոխանորդով, որ իր կարգին, չորս վարչական հայրերու հետ միասին կը կազմեն վարչական խորհուրդը որուն պարտականութիւնն է՝

 Մատակարարել վանապատկան ինչքերը ու հարստութիւնները

 Արժեւորել միաբանութեան բարոյական վաստակները

 Ոգեւորել անոր առաքելական խանդը

 Հրահրել անոր հոգեւոր աւանդը

 Պայծառացնել անոր ազգային ու մշակութային գանձերը եւ դերը

 Ամրապնդել անոր պատմական գոյատեւումը նոր միաբաններ պատրաստելով 21երորդ դարու հոգեւոր, տոհմային ու ազգային պահանջքներուն համաձայն

բ.- Միաբանութիւնը կը կառավարուի յատուկ սահմանադրութեամբ վաւերացուած 24 Փետրուար 1986-ին, ինչպէս նաեւ կանոնական ընդհանուր ժողովներուն ցուցմունքներով եւ որոշումներով, որոնք կը գումարուին վեց տարին անգամ մը կամ երբ հարկ է Ամեն. Հոգեւոր Տիրոջ միաբանութեան մեծաւորին եւ Արեւելեան Եկեղեցիներու յատուկ արտօնութեամբ: