Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութիւնը՝ հիմնուած է Կ. Պոլիս 5 Յունիս 1847-ին:
Հիմնադիրը՝ Անտոն-Պետրոս Թ. Հասունեան՝ Կաթողիկոս-Պատրիարք Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ առաջին հայազգի Կարդինալ Տիեզերական Եկեղեցւոյ, 1840-ականի շրջանին կը ծրագրէ հիմնել «Հաւատաւոր Կոյսերու» Միաբանութիւն մը, որ նուիրուի՝ վանական ու առաքելական կեանքի եւ որուն գլխաւոր նպատակն ըլլայ դաստիարակել Հայ Ազգին ի մասնաւորի աղքատ դասակարգի աղջիկ զաւակները: Այս բարենպատակ ու ազգօգուտ ծրագիրը կ’իրականանայ գործակցութեամբ Մայր Սրբուհի Հաճի-Անտոնեանին, որ դեռատի տարիքէն ներանձնացեալ ու բարեսիրական կեանք վարած էր եւ իբրեւ «տան մայրապետ» զբաղած աղքատ փոքրիկներու կրթութեամբ: 9 Դեկտեմբեր 1847-ին Մայր Սրբուհին չորս նուիրեալ քոյրերով կ’ուխտեն Աստուծոյ՝ Հնազանդութիւն, Ողջախոհութիւն, Աղքատութիւն հանդերձ առաքելական կեանքի յանձնառութեամբ: Այսպէս սկիզբ կ’առնէ «Աստուածամօր Տունը»՝ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութիւնը, որուն գլխաւոր նպատակն էր՝ ուսուցանել եւ կրթել Հայ աղջկան միտքն ու հոգին քրիստոնէական, մարդկային ու ազգային արժէքներով:
Միաբանութիւնը կանոնապէս ճանչցուած ու հաստատուած է Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Կոնդակով տրուած՝ 5 Յունիս 1847-ին, իսկ Քահանայապետական Կոնդակով՝11 Յունիս 1932-ին։ Միաբանութիւնը ենթարկուած է Հռոմի Սրբազան Պապին, որպէս իր Գերագոյն Մեծաւորին:
Մայր Տունը՝ նախ շատ համեստ,փայտաշէն տնակ մը կ’ըլլայ. տարիներ ետք, Հիմնադիր Հօր ջանքերով կը կառուցուին Մայր Տունն ու Նորընծայարանը Բերայի Վալիտէ Զէօշմէ փողոցին վրայ: Յաջորդաբար Պոլսոյ մէջ կը հիմնուին կրթական օճախներ՝ մանկապարտէզ, նախակրթարան, մինչեւ բարձրագոյն վարժարաններ: Պոլսէն ետք առաքելութեան դաշտը կը տարածուի Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ աւելի քան քսան քաղաքներու ու գիւղերու մէջ:
20-րդ դարու արշալոյսին, հայ աղջիկը հպարտ է իր տոհմային դաստիարակութեամբ: Լոյս, գիտութիւն կը ստանայ, կրօնական ու բարոյական արժէքներով կը կերտուի, ապագայ մայրութեան, ճշմարիտ «Հայ Մայր» ըլլալու կոչումին կը պատրաստուի: Սա կը տեւէ մինչեւ 1915:
Կը հասնի Մեծ Եղեռնը, որ դառնօրէն կը հարուածէ, կը քանդէ Հայուն ստեղծագործ, բարգաւաճ կեանքին հետ նաեւ վանքերն ու գործօն հաստատութիւնները Հայ Քոյրերուն: Կը նահատակուին տասներեք միաբան քոյրեր, յիսունհինգ ուրիշներ կը տեղահանուին, կ’աքսորուին:
Զինադադարի վաղորդայնին, Հայ Մայրապետը հրատապ պատասխանատուութիւն մը ունի. «Տէր կանգնիլ վերապրած հայ բեկորներուն, հոգատար մայր դառնալ ծնողազուրկ հայ զաւակներուն»:
1923-ին Մայրավանքը եւ նորընծայարանը Պոլսէն կը փոխադրուին ապահով վայր, Հռոմ՝ յաւիտենական քաղաքը: Մայրավանքի այժմու շէնքը՝ բարեացակամ նպաստը Մալթայի Ասպետներու Հիմնարկին եւ արգասիքը՝ Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդներուն եւ մեր Քոյրերուն զոհողութեան, Հռոմի Մոնթէվերտէ բլուրին վրայ, Վինչէնձօ Մոնթի փողոց, թիւ 9, կը դառնայ նոր օրրանը Միաբանութեան Ընդհանուր Վարչութեան, կրօնաւորական կազմաւորումի կեդրոնը՝նոր կոչումներու, որոնք կը վերընձիւղեն Միաբանութեան տարագրեալ բայց միշտ ամրակուռ բունը:
Սփիւռքեան իրականութիւնը պէտք էր անարգել դառնար նաեւ Հայ Քոյրերուն կեանքին եւ առաքելութեան իրականութիւնը: Հայապահպանումի անյողդողդ ոգիով՝ հարկ էր որբանոցներուն կից դպրոցներ կառուցանել ու դարբնել ապագան տարագիր սերունդներուն: Լիբանանի մէջ 1922-ին արդէն հիմը կը դրուի Հռիփսիմեանց Վարժարանին: Այնուհետեւ Սուրիա, Եգիպտոս, Յորդանան, Իրաք, Իրան, Ֆրանսա եւ այլ վայրեր:
Աներկբայ այս հոգիով, հայ մայրապետը կը շարունակէ քալել գաղթական իր ժողովուրդին հետ, կը հասնի մինչեւ հեռաւոր ու անծանօթ հորիզոններ՝ Միացեալ Նահանգներ, ուծացումի սպառնալիքէն փրկելու նորահաս սերունդները Հայ Ազգին: 1965-ին Փենսիլվանիա Նահանգին Ֆիլատելֆիա քաղաքի մէջ կը հիմնէ առաջին հայ վարժարանը: 1980-ին եւ 1983-ին կը յաջորդեն Պոսթոնի եւ Լոս-Անճելըսի վարժարանները:
1991-ին մեր Հայրենիքին անկախութեամբ կ’իրականանայ դարաւոր երազը Հայ Քոյրերուն: 1988-ի 7-ը Դեկտեմբերի ահաւոր երկրաշարժը՝ իսկական ահազանգ մը կ’ըլլայ Հայ Քրոջ խղճին: Ան անվարան հոն է՝ Սպիտակ, Կիւմրի ամոքելու ցաւատանջ մեր ժողովուրդին անդարմանելի վիշտը:
1992-ին, Հիւսիսային Հայաստանի Ախուրեանի շրջանին, Կիւմրիէն 20 քմ. հեռու, Արեւիկ գիւղին մէջ, աղքատիկ, ցուրտ ու անպաճոյճ տուն մը կ’ըլլայ առաջին վանքը, առաքելավայրը երեք կամաւոր քոյրերու: Անշուք այս վայրէն պիտի ճառագայթէր հաւատքի լոյս ու աւետարանական սէր՝ հայրենի մեր ժողովուրդին, որ աւելի քան 70 տարիներ Աստուծոյ Խօսքէն զուրկ մնացած էր: Քրիստոնեայ Հայուն վերածնունդն է: Արեւիկէն ետք, Կիւմրիի մէջ, ապա Կալինինոյի շրջանի՝ Տաշիր գիւղաքաղաքը, յարակից գիւղերով, աւաններով, յետոյ Չաւախքի տարածքին Հեշտիան, իր տասնեակ գիւղերովը կը դառնան քոյրերուն համար քրիստոնէականի, կրթական, մարդասիրական գործունէութուններու կայաններ: Բարեսիրական մեծ Հաստատութիւններ, ի մասնաւորի Արեւմտեան Եւրոպայի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ՝ Association Alliance Arménienne-ը զօրավիգ կը կանգնին քոյրերուն առաքելութեան: Ներկայիս, Կիւմրիի մէջ, «Տիրամայր Հայաստանի»՝ Ռոբերտ Պօղոսեան եւ Որդիներ Համալիրը, որպէս կրթարան, ուսումնարան, ընծայարան եւ ընկերային ծաrայութեան վայր, արդէն կը գործէ տասնեակ մը տարիներէ ի վեր: Մեծաթիւ կարօտեալ, որբ երեխաներ, աղջիկներ դպրոցական ու համալսարանական ծրագրին հետ կը ստանան առողջ սնունդ, կրօնական, մշակութային, գեղարուեստական ու մարդկային դաստիարակութիւն:
Հայաստանի հիմնական ու դաստիարակչական գործունէութիւններէն է՝ ամառնային եռամսեայ ճամբարային ծրագրին իրականացումը: Միայն Ծաղկաձորի մէջ, ամէն տարի մինչեւ 800 երկսեռ աղքատ երեխաներ հոգեպէս, ֆիզիքապէս կը կազդուրուին, կ’արժեւորուին:
Մայրավանքը Հռոմի մԷջ, գլխաւոր կայանն է Ընդհանուր Վարչութեան: Ընդհանուր Մեծաւորուհին չորս խորհրդականուհիներով օրինաւոր հեղինակութիւնն է Միաբանութեան, կանոնապէս ընտրուած ամէն վեցամեային Միաբանութեան Ընտրական Ընդհանուր Ժողովէն: Նորընծայարանը՝ նոր անդամներու կազմաւորումի վայրը, ուր նոր թեկնածուներ կը ստանան կրօնաւորական եւ գիտական լուրջ պատրաստութիւն: Միաբանութիւնը ունի նաեւ նախապատրաստական կեդրոններ, փոքր ընծայարաններ՝ Կիւմրիի եւ Հալէպի մէջ:
3000-ամեակի այգաբացին, Միաբանութիւնը 170 տարիներ կը հաշուէ արդէն: Իր երկար, մերթ բեղուն, մերթ ազազուն կեանքին ընթացքին ան քալեց անշեղ, պայքարեցաւ ու ջանաց անայլայլ պահել Հիմնադիր Հօր լուսաշող հոգին, որ է՝ «Հաւատարմութիւն Աստուծոյ կամքին՝ որ կը յայտնուի Սուրբ Կանոններով եւ Մեծաւորուհիներու հրամանով»: Հիմնադիր Հայրը առաջին օրէն Աղօթամատեանին հետ Կանոնագիրքն ալ կը յանձնէ իր Միաբանութեան, որպէս ուղեցոյց ու պահապան: «Միաբանութիւն մը, կը գրէ ան, չի կրնար տեւողական ըլլալ՝ եթէ իր անդամները կանոնաւոր ու կարգաւորեալ կերպով կառավարելու համար պատճաշ օրէնք չունենայ»:
Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութիւնը կը կրէ Աստուածամօր ամենագեղեցիկ մէկ տիտղոսը: Իր ընդհանուր վախճանն է. «Իրագործել Աստուծոյ ծրագիրը եւ փնտռել միայն Աստուծոյ փառքը»: Իսկ առանձնայատուկ նպատակն է.«Ծառայել Հայ Ժողովուրդի զաւակներուն, բարոյական ու տոհմային դաստիարակութեամբ»:
Սէր՝ Աստուծոյ, Սէր՝ Հայ Եկեղեցւոյ եւ Սէր՝ Ազգին հանդէպ․ ասիկա է Հայ մայրապետին եռեակ մղիչ ոյժն ու գերագոյն գաղափարականը: