Կենսագրական գիծեր.
Ծնած է Գահիրէ, 17 յունուար 1940-ին: Հինգերրորդ զաւակն է խորապէս հաւատացեալ եւ ութ զաւակներու տէր ընտանիքի մը։ Իր նախնական եւ երկրորդական ուսումները կատարած է Գահիրէի Ֆրէրներու Գոլէճներուն մէջ։
Կանուխէն քահանայական կոչումը զգալով, ան ղրկուած է Հռոմ, Լեւոնեան Քահանայապետական Հայ Դպրեվանքը, եւ յաճախած է Գրիգորեան Համալսարանը փիլիսոփայութիւն եւ աստուածաբանութիւն ուսանելու։
Քահանայ ձեռնադրուած է Գահիրէ, 15 օգոստոս 1965-ին, ձեռամբ թեմին Առաջնորդ՝ Ռափայէլ Եպիսկոպոս Պայեանի եւ ստանձնած է Գահիրէի ժողովրդապետութեան պատասխանատուութիւնը, օժանդակելով գերապատիւ հայր Յովհաննէս վարդապետ Գասպարեանին, յետագային՝ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Կաթողիկոս Պատրիարք։
1968-էն 1990 եղած է ժողովրդապետ Հելիոպոլսոյ (Գահիրէ) եկեղեցւոյ, յատկապէս քաջալերելով զանազան հոգեւոր շարժումներու գործունէութիւնը։
18 փետրուար 1990-ին, Աղեքսանդրիոյ Հայ Կաթողիկէ Թեմին Առաջնորդ օծուած է ձեռամբ Ամենապատիւ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Կաթողիկոս Պատրիարքին։
1992-էն 1997, իբր անդամ Եգիպտոսի կաթողիկէ Նուիրապետութեան, ընդհանուր քարտուղարի պաշտօն վարած է Եգիպտոսի Կաթողիկէ եկեղեցիներու Հովուական խորհուրդին։
Իբր անդամ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսին, եղած է յաջորդաբար՝
– Անդամ Եպիսկոպոսներու Խորհուրդին՝ կառավարելու համար Պատրիարքական Ատեանը 1993-էն 1995։
– Նախագահ Քահանայական Կոչումներու Պատրիարքական Յանձնախումբին 1993-էն 1995։
– Անդամ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Մնայուն Սիւնհոդոսին 1994-էն 1999։
Ընտրութիւն
1999-ի հոկտեմբեր 7-ին, Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսին կողմէ ընտրուած է Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց եւ առած է Ներսէս Պետրոս ժԹ. անունը։ Գահակալութեան արարողութիւնը տեղի ունեցած է նոյն ամսուան 24-ին։ 13 դեկտեմբեր 1999-ին՝ Եկեղեցական Հաղորդութիւն ստացած է Յովհաննսէս Պօղոս Բ. Սրբազան Քահանայապետին կողմէ։
Ճամբորդութիւններ Սրբ. Քահանայապետին հետ
Մասնակցած է Ն.Ս. Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սրբազան Քահանայապետին այցելութիւններուն՝ Եգիպտոս (փետրուար 2000), Յորդանան (մարտ 2000), Սուրիա (մայիս 2001) եւ Հայաստան (սեպտեմբեր 2001)։
Մասնակցած է Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետին ուխտագնացութեան Յորդանան (մայիս 2009) եւ անոր հովուական այցելութեան Կիպրոս (յունիս 2010)։
Հայրապետական այցելութիւններ
Իր գահակալութենէն ի վեր, հովուական այցելութիւններ կատարած է հետեւեալ առաքելավայրերը.
Յորդանան (մարտ 2000 եւ մայիս 2009), Ֆրանսա (մայիս 2001 եւ մայիս 2006), Շուէտ (մայիս 2001), Աւստրալիա (յունիս 2001 եւ մարտ 2004), Լեհաստան (յունիս 2001, դեկտեմբեր 2013 եւ 2014), Հայաստան (սեպտեմբեր 2001, յուլիս 2008, մայիս եւ սեպտեմբեր 2014, յունուար եւ ապրիլ 2015), Ուքրանիա (հոկտեմբեր-նոյեմբեր 2001), Պարսկաստան (փետրուար 2003, նոյեմբեր 2004 եւ յունուար 2015), Քեսապ – Սուրիա (օգոստոս 2003), Եգիպտոս (դեկտեմբեր 2003 եւ մայիս 2004), Հալէպ (մայիս 2004), Երուսաղէմ (սեպտեմբեր 2005), Լատին Ամերիկա (հոկտեմբեր – նոյեմբեր 2005), Հայաստան, Վրաստան, Կիպրոս (յունիս 2010), Պոլիս (սեպտեմբեր 2014), Ռուսաստան (ապրիլ 2015) եւ Հունգարիա (մայիս 2015)։
Գլխաւոր իրագործումներ
Թիկունք հանդիսացած է համայնքի վարժարաններու ծաղկումին ու վերելքին, մանաւանդ բանալով երկրորդականի բաժինը Հարպոյեան վարժարանին մէջ եւ վերաբանալով միջնակարգի բաժինը Այնճար։ Քաջալերած է լրատուական միջոցները, յատկապէս վերահրատարակութիւնը պատրիարքութեան թեմի «Մասիս» ամսաթերթին։
Հոկտեմբեր 7, 2001-ին Հայաստանի քրիստոնէացման 1700-ամեակին առիթով, իր խնդրանքին վրայ Հռոմի «Սուրբ Պետրոս» հրապարակին վրայ, Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին նահատակուած Մարտինի Առաջնորդ Իգնատիոս Արքեպիսկոպոս Մալոյեանը Երանելի հռչակուեցաւ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սրբազան Քահանայապետին կողմէ։
Փետրուար 2002-ին, առաջին ժողովրդապետութիւնը կը հիմնէ Մոսկուա՝ նոր առաքելութիւն մը սկսելու համար Ռուսաստանի մէջ, շարունակելով 1991-ի Հայաստանի եւ Վրաստանի մէջ սկսուած առաքելութիւնները։
Յունուար 2005-ին, Հոգեւոր Տիրոջ խնդրանքին վրայ եւ ներկայութեամբ ու օրհնութեամբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի, Վատիկանի «Սուրբ Պետրոս» Պազիլիքայի արտաքին պարիսպին վրայ մեծ հանդիսութեամբ կը կատարուի զետեղումը սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի արձանին։
Յունուար 2005-ին, սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի մահուան հազարամեակին առիթով, Հռոմի մէջ կազմակերպեց գիտաժողով մը որուն հեռակայ նպատակն էր հռչակել տալ սուրբ Գրիգորը «Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ»։
Յուլիս 2006-ին, Լ.Ղ.Հ.ի նախագահին հրաւէրով, կ՚այցելէ Ղարաբաղ։ Պատմութեան մէջ առաջին անգամն էր որ Հայ Կաթողիկէ Կաթողիկոս Պատրիարք մը կ՚այցելէր Ղարաբաղի Հանրապետութիւն։
Փետրուար 2008-ին, Հոգեւոր Տիրոջ նախաձեռնութեամբ, Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը մեծ հանդիսութեամբ բացումը կատարեց եւ օրհնեց սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի անուան Հրապարակը եկեղեցական եւ քաղաքական հայ եւ օտար բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու, կղերականներու, մայրապետներու եւ Հռոմէն ու զանազան երկիրներէ ժամանած հայ ուխտաւորներու ներկայութեամբ։
Ն.Ս. Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը՝ ընդառաջելով իր խնդրանքին, 2015-ի ապրիլի 12-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առթիւ սուրբ Պատարագ մատուցանեց Վատիկանի «Սուրբ Պետրոս» պազիլիքային մէջ եւ սուրբ Գրիգոր Նարեկացին հռչակեց Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ: Յընթացս սուրբ պատարագին արտասանած խօսքին մէջ Քահանա յապետը յատուկ կերպով յիշատակեց Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ անոր մէկուկէս միլիոն զոհերը` իբրեւ նահատակներ եւ մեղսակցութիւն նկատեց լռութիւնը այս պատմական իրողութեան մասին:
Հովուական թուղթեր
Զատկուայ եւ Ծննդեան տօներու Պատգամներէն բացի, տուաւ հետեւեալ Հայրապետական Պատգամները.
– Փրկչագործութեան Յոբելենական սուրբ Տարիին առիթով 1999-2000, – 3 դեկտեմբեր 1999։
– Հայաստանի Քրիստոնէացման 1700 ամեակին առիթով – 31 դեկտեմբեր 2000։
– Նահատակ Իգնատիոս Մալոյեանին նուիրուած – 01 յունիս 2001։
– Մեծ Յոբելենական տարիներու առիթով – 15 հոկտեմբեր 2001։
– Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի արձանի բացումին առիթով – 12 սեպտեմբեր 2002։
– Հայաստանի Քրիստոնէացման 1700 ամեակին առիթով – 01 հոկտեմբեր 2002։
– Ամենասուրբ Հաղորդութեան Տարիին առիթով – 30 դեկտեմբեր 2004։
– Հայոց Ցեղասպանութեան 90-րդ տարելիցին առիթով – 24 ապրիլ 2005։
– Սուրբ Վարդանանց տօնին առիթով – 22 փետրուար 2006։
– Երիտասարդներուն՝ քառասնորդացի առիթով – 14 մարտ 2007։
– Աստուծոյ Գթութեան մասին առաջին համաշխարհային առաքելական համաժողովին առիթով – 15 հոկտեմբեր 2007։
– Քառասնորդացի առիթով – 03 փետրուար 2008։
– Քահանայական Տարուան առիթով – 06 յունուար 2010։
– Քրիստոնէական Դաստիարակութեան եւ Հայ Կաթողիկէ վարժարանի առաքելութեան մասին – 03 մարտ 2011։
– Նոր Աւետարանումը այսօր – 06 յունիս 2013:
– Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը – 21 մարտ 2015: