Հալէպցի: Նախորդին պէս նաեւ անդամ Անտոնեան Միաբանութեան: Հալածանքները իր արտաքին գործունէութիւնները սահմանափակած ըլլալով, ան նուիրուեցաւ իր Աթոռին ներքին պայծառութեան: Իր օրով, Զմմառի վանքը տակաւին եկեղեցի չունէր: Մեծագոյն հանդիսութիւնները (ձեռնադրութիւն, եպիսկոպոսական ժողով, թաղում) տեղի կ՛ունենային Քրէյմի Ամենափրկչեան եկեղեցիին մէջ:
Ան յաջողեցաւ կանգնել վանական եկեղեցին (1761-1771), որուն աւելցուց ուրիշ կառուցումներ, այնպէս որ Pierre di Moretta միսիոնարը, 1776-ին, սքանչացած կը վկայէր, թէ Զմմառի վանքը «իր շրջակայ լեռներուն վրայ անվիճելիօրէն մեծագոյն կառոյցն է»:
Միքայէլ Գ.ի օրով արդէն իսկ զգացուեցաւ Պատրիարքութեան Աթոռին միաբաններ ունենալու պահանջքը: Արդարեւ՝ հայկական սովորութեամբ՝ ամէն Պատրիարքութիւն պէտք էր ունենար իր Աթոռին միաբանները, որոնք կը կազմէին անոր շարժուն բանակը: Արծիւեան Պատրիարքը, որ հիմնած էր Անտոնեան Միաբանութիւնը, յուսացած էր զայն իր Աթոռին կապել: Սակայն Անտոնեանները որոշած էին Պատրիարքական Աթոռէն անկախ ըլլալ, նախընտրելով Աթոռին Պատրիարքներ տալ քան թէ անոնց պատկանիլ: