Հայ Ծէսին կազմաւորումը

Մինչեւ  Լուսաւորիչին ձեռքով Հայաստանի պետականօրէն քրիստոնեայ երկիր դառնալը 301-ին եւ Հայ Եկեղեցիին կանգնումը, հարեւան ժողովուրդներուն Եկեղեցիները մինչ այդ իրենց պաշտամունքին օրէնքները արդէն կազմած էին: Թադէոս եւ Բարթողիմէոս առաքեալները Հայաստանի մէջ որեւէ ծէսի հետք չեն թողած մեր մատենագրութեան մէջ:

Լուսաւորիչէն առաջ երբ քրիստոնէութիւնը յոյն եւ ասորի Եկեղեցիներուն քարոզիչներուն շնորհիւ Հայաստան մուտք գործեց, անոնք՝ քրիստոնեայ կրօնին քարոզչութեան հետ Հայաստան բերին նաեւ իրենց եկեղեցիներուն յօրինած պաշտամունքը:

Եւ ասիկա տարբեր չէր կրնար ըլլալ քանի որ Հայ քրիստոնէութիւնն ու Հայ Եկեղեցին ասորականէն ու յունականէն երեք դարով աւելի ուշ պիտի կազմուէին, մինչ այս երկու Եկեղեցիները ժամանակ պիտի ունենային մեզմէ առաջ կազմաւորուելու, զարգանալու, ունենալու բացառիկ հայրապետներ եւ սուրբեր, որոնց  շնորհիւ այդ Եկեղեցիները աճեցան ու զարգացան, մինչդեռ մենք տակաւին հեթանոսութեան ծոցը կը խարխաբէինք: Հայ Ծէսը եւ հայ պաշտամունքը կազմուեցան փունջի նման՝ քաղուելով մեզմէ առաջ գոյութիւն ունեցող ասորական եւ յունական Եկեղեցիներուն ժառանգութենէն եւ ժամանակաւորապէս մեր մէջ գործածուելով: Հայ Ժամասացութիւն, Պատարագ, շարականներ՝ բոլորն ալ առէջի նման կը կրեն այդ Եկեղեցիներուն հիւսուածքը:

Ս.Գրիգոր Լուսաւորչի ժամանումէն ետք, Հայ Եկեղեցին, Հայ գիրերու չգոյութեան պատճառով, շարունակեց նոյն օտար ծէսերով ու լեզուներով պաշտամունք կատարել: Հայ նշանագրերու գիւտէն առաջ, Լուսաւորչին քարոզութեամբ հայ պաշտամունքը յատկապէս յունարէն լեզուով շարունակուեցաւ կատարուիլ: 387-ի Հայաստանի քաղաքական բաժանումէն ետք, յունարէնը հալածանքի ենթարկուելով՝ պարսկական մասին մէջ ասորերէնը յունարէնին յաջորդեց, ինչպէս կ՝ըսէ Փարպեցի. «Պաշտօն եկեղեցւոյ եւ կարդացմունք գրոց ասորի ուսմամբ վարէին ի վանորայս եւ յեկեղեցիս Հայաստան ժողովրդոցս» (Ա. Դրուանգ. ժ.), մինչ յունական բաժնին մէջ կը շարունակէին «վարել յունական դպրութեամբ եւ ոչ ասորւով», կը վկայէ Խորենացի ( Գ. Ծդ.): Այսպէս շարունակուեցաւ Լուսաւորիչէն մինչեւ Սահակ Մեսրոպ, Մեծն Տրդատէն մինչեւ Վռամշապուհ արքայի շրջանը, մինչեւ հայ նշանագրերուն գիւտը:

 

Հայ Գիրերուն Գիւտը

Օտար ծէսերուն հայացումը կամ ասորական ազդեցութենէն յունական ազդեցութիւն անցքը՝ արդիւնքն է Ս. Սահակ Պարթեւին (387-436) եւ Մեսրոպ Մաշտոցին (351-436) կատարած յեղաշրջումին եւ ներդրումին Հայ Ծէսի կերտումին մէջ: Հայոց Եկեղեցիին կողմէ այս դարձը կատարուեցաւ երբ ան Երուսաղէմի Եկեղեցիին Տօնացոյցը եւ Ճաշոցը որդեգրեց: Ան լեզուով յունական էր եւ տօնակատարութեամբ՝ սաղիմական:

Հայոց Գիրերու նախախնամական Գիւտին արժանիքէն բացի, Սահակի եւ Մեսրոպի վերապահուած է նաեւ Հայ Ծէսին ու պաշտամունքին, հայ Պատարագամատոյցին, Ժամասացութեան, Տօնացոյցին եւ Մաշտոցին արարիչները հանդիսանալու պատիւը: Այս հայրապետները զանոնք «ի յունական բարբառոյ ի հայերէն թարգմանեալ» ( ՍՈՓ. ժա. 17), մեր պայմաններուն յարմարցուցին: Մեր Ժամագիրքը իր ճակատին վրայ կը կրէ՝ «Արարեալ սրբոց թարգմանչացն մերոց Սահակայ եւ Մեսրոպայ»: Դ. դարուն, Սահակ Մեսրոպ հրապուրուած Քրիստոսի շունչով սրբագործուած Երուսաղէմի վարկէն, աշխարհի անդրանիկ Եկեղեցին ըլլալու անոր հանգամանքէն, անոր սրբավայրերուն ու ուխտատեղիներուն բուրումէն, նաեւ հովուական պատճառներով որոշեցին Երուսաղեմի Եկեղեցիին ճաշոցն ու տօնացոյցը որդեգրել: Երուսաղէմի Եկեղեցիին նոյն յունարէն ճաշոցը իր ազդեցութիւնը գործած էր նաեւ Արեւելեան միւս ծէսի ճաշոցներուն՝ ինչպէս բիւզանդականին, ասորականին, ղպտականին վրայ: Ճաշոցէն եւ Տօնացոյցէն զատ, հայ պատարագն ու հայ ժամասացութիւնն ալ ծնունդ առին Երուսաղեմի Եկեղեցիէն: Ս. Քաղաքին ասորական Եկեղեցւոյ մօտ եւս վայելած նոյն գերազանց վարկը կարելի դարձուց, որ հայերը առանց շատ մեծ դժուարութեան ասորական ծէսը փոխանակեն յունական ծէսով:

Դ. դարուն՝ Լուսաւորիչէն սկսեալ, բազմաթիւ հայրապետներ եւ վարդապետներ իրարու յաջորդելով՝ սատարեցին Հայ Ծէսին ստեղծումին, յարմարեցումին, կազմաւորումին եւ զարգացումին, ոմանք Պատարագի, ուրիշներ Ժամասացութեան, ուրիշներ Ծիսարանի եւ Տօնացոյցի, ուրիշներ շարականի ու երգեցողութեան մարզերէն ներս: Մասնաւորաբար 5-րդ դարուն, Հայոց Գրի Գիւտէն ետք եւ Աստուածաշունչի հայացումին հետ զուգընթաց, ծէսը սկսաւ հայերէնով կատարուիլ: Նախ թարգմանութեամբ եւ անմիջապէս անոր ընկերացող նոր մշակումով, շարականներու յօրինումով, աղօթքներու խմբագրումով, յատուկ դասաւորումով ծէսը դարձաւ հայատիպ: Ս. Սահակ Հայրապետ, Ս. Մեսրոպ Մաշտոց եւ մանաւանդ Յովհան Մանդակունի եղան գլխաւոր ճարտարապետները հայ ծիսական դրութեան, թէ՛ խորհուրդներու եւ թէ՛ հասարակաց պաշտամունքի՝ ժամերգութիւններու կալուածներուն մէջ: