Պոլսեցի: Ան Պատրիարքական Աթոռ բարձրացաւ փոթորկալից շրջանի մը մէջ ու յաջողեցաւ սրտերը ու միտքերը հանդարտեցնել իր հեզ ու դիւանագէտ բնութեամբ, երկու կողմերը գոհացնող միջին ճամբայ մը գտնելով: Ֆրանսացի ակադեմիկոս մը կ՛ըսէր. «Մեր դարուն, Արեւելքը երեք մեծ դիւանագէտ ունի», եւ անոնցմէ մին՝ Ազարեան կը կոչէ:

Արծիւեանի Աթոռը, մայրաքաղաք փոխադրելով, կը կանչուէր ընդարձակելու իր գործունէութեան ծիրը, պետական մակարդակով առաքելութիւններ ստանձնելով: Լեւոն Ժ. Պապին քահանայութեան Յոբելեանը շնորհաւորելու գացող Սուլթանին պատուիրակութեան գլուխը՝ Ազարեան Պատրիարքը նշանակուեցաւ:

Համայնքային գծով, Ազարեան 1890-ի Քաղկեդոնի օրէնսդրական Սիւնհոդոսը գումարեց եւ Պոլսոյ գաւառներուն մէջ կրթական հաստատութիւններ հիմնեց:

Հմուտ էր աստուածաբանութեան, եկեղեցական ու գիտական նիւթերու: Կը խօսէր ու կը գրէր 8 լեզուներով: Հեղինակ է հրատարակութիւններու: