Հալէպցի ու նմանապէս Անտոնեան Միաբանութենէն: Անոր յառաջացած տարիքին Պատրիարք ընտրուիլը յարգանքի տուրք մըն էր անոր երիցութեան ու իր նախորդ երեք Պատրիարքներուն մատուցած 40 տարիներու աջակցութեան, որոնցմէ 30-ը Զմմառի վանքին մէջ: Ան փայլեցաւ իր խոհեմութեամբ, փորձառութեամբ ու սրբութեամբ: «Ան իր վանականի սքեմը, նոյնիսկ իր եպիսկոպոսութեան եւ կաթողիկոսութեան ատեն, վրայէն չհանեց»:
Բարսեղ Դ.ի վերագրուած է Պատրիարքական «Դաշինք»ին բանաձեւումը: Անիկա պատուոյ սահմանադրութիւն էր, բաղկացած 10 յօդուածներէ, որոնք կը սահմանէին Պատրիարքին ու իր Եպիսկոպոսներուն միջեւ գործակցութեան պայմանները, Աթոռին մնայուն արեւելումները: Հոն, օրինակի համար, հրահանգուած է Պատրիարքական Աթոռը միշտ Արեւելքի մէջ պահել եւ հոգի ի բռին աշխատիլ հիմնելու կղերանոց մը, ուր պիտի պահպանուի հիմնադիրներուն ոգին: