Երկուշաբթի 9 հոկտեմբեր 2017ին, Ordre Des Chevaliers de Malte-ի մէկ պատուիրակութիւնը, որ ժամանած էր Ֆրանսայէն, այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ արհիապատիւ հայր Գէորգ եպս․ Ասատուրեանին կողմէ։ Խօսակցութիւնը շօշափեց ընդհանրապէս Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւնը եւ մասնաւորաբար Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ իրավիճակը եւ գործունէութիւնները:
Շուրջ ժամ մը տեւած այցելութեան աւարտին, պատուիրակութեան անդամները շնորհակալութիւն յայտնեցին ջերմ ընդունելութեան համար։