1915-ի Ցեղասպանութեան Ապրիլեան Նահատակներուն «ՅԻՇԵՑՈՒՄԻ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ՈՒ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄԱԿԱՆՈՒԹԵԱՄԲ…»

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքի հանդիսապետութեամբ, այսօր յետմիջօրէի ժամը 5-ին Հայոց Ցեղասպանութեան 108-ամեակին առիթով տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի արարողութիւն, Աշրաֆիէի Սէն Կրէկուար վարժարանի բակին մէջ, առընթերակայութեամբ խումբ մը քահանաներու և սարկաւագներու եւ ներկայութեամբ Անտիոքի և Ասորի կաթողիկէներու եւ համայն Արևելքի Պատրիարք Իգնատիոս Եուսուֆ Գ. Եունանի, Լիբանանի մէջ պապական դեսպանի, ներկայ և նախկին նախարարներու ու երեսփոխաններու, հայկական և լիբանանեան կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու և հաւատացեալներու հոծ բազմութեան։

Սուրբ Աւետարանի ընթերցումէն ետք Գերյ. Հայր Մեսրոպ Ծ.Վ. Թոփալեան օրուան խորհուրդին պատշաճ ելոյթ ունեցաւ, ուր յատկապէս նշեց.

«Խօսքիս խորագիրն է՝ «Յիշեցումի պարտաւորութեամբ ու ճշմարտութեան պատմականութեամբ…»:

24 Ապրիլ 1915:

Մարդկային պատմութեան մէջ արիւնով արձանագրուած տարեթիւն է Հայասպանութեան (Armenocide), իսկ աստուածային տարեգրութեան մէջ անջնջելի թուականը՝ անմահութեան:

Օրն է քսաներորդ դարուն առաջին Ցեղասպանութեան (Genocide) մեր փառապանծ Ազգին,

զոր սպաննել փորձեցին, բայց չկրցան, որովհետեւ ի վերուստ ընտրուած է ապրելու եւ արդիւնաբերելու իբր քաղաքակիրթ Ազգ…:

Ազգակիցներս, Ապրիլ 24 է:

Թէպէտ արիւնագիր սկիզբն է «համայնաջինջ մահուան», նահատակութեան մեր նախնիքներուն, բայց եւ այնպէս այսօր չենք եկած ողբալու, կոծելու, քանի, ինչպէս ճիշդ կը սահմանէ Վիքթոր Հիւկօ (1802-1885), «հերոսները կը յաղթեն կեանքով, իսկ նահատակները կը յաղթեն մահով»:

Ապրիլ 24-ը արիւնագիր օրն է Աստուածութեան եւ մարդկութեան դէմ գործուած մեծագոյն ոճիրին, որուն նմանը չէին տեսած երկինքն ու երկիրը…:

Այսպէս, Տիրոջ անժամանակն անգամ սարսափեցնող մարդուն ժամանակին մէջ կիրառուած Հայասպանութիւնը պատմական իրողութիւնն է բացարձակ, եւ «Մենք գիտենք ճշմարտութիւնը», 12 Ապրիլ 2015-ին յայտարարեց Փրանկիսկոս Սրբազան Պապը, «ուստի, ոչ միայն չենք կրնար լռել ճշմարտութեան դիմաց, այլ նաեւ պարտական ենք ըսել զայն արար աշխարհին»:

Անտարակոյս, կը շարունակէ Սրբազան Հայրը, «1915-ին եւ յաջորդ տարիներուն պատահածը կարելի է անուանել պատմութեան մեծագոյն հալածանքը քրիստոնեաներուն դէմ:

Ճշմարտութիւնը չ’առաջնորդեր ատելութեան: Ճշմարտութեան ժխտումը կը տանի ատելութեան»:

Զգո՛յշ: «Ճշմարտութեան ժխտումը» կրնայ յառաջանալ եւ ամրանալ նաեւ մոռացումէն, մե՛ր մոռացումէն, որուն հնարաւոր վտանգին դէմ ատենին ահազանգեց Աւետիս Ահարոնեան (1866-1948). «Այսքան չարիք թէ մոռանան մեր որդիք, Թող ողջ աշխարհ հայուն կարդայ նախատինք»…:

Ազգակիցներս, անժխտելի ճշմարտութեան սէրէն եւ մեր յիշողութեան թարմացումին համար՝ հոս կ’ուզէի յանձնել ձեր ուշադրութեան քանի մը պատմական տուեալներ մեր «փոքր ածուին» ծիրէն ներս:

Այսօր, Հայասպանութեան մէկուկէս միլիոն եւ աւելի անմեղ զոհերուն մեր յիշատակումը, այս նուիրական պահուն, մեզ կը զօդէ այն «սգահանդէսին», որով առաջին անգամ կատարուեցաւ ոգեկոչումը 1915-ի Ապրիլեան Նահատակներուն:

Արդարեւ, Պոլիս, 8 Դեկտենբեր 1918-ին, «Ս. Յովհան Ոսկեբերան» հայ կաթողիկէ եկեղեցիին մէջ, տեղի ունեցաւ այդ պատմական ձեռնարկը ի յիշատակ ԵրիտԹուրքին «հայաջինջ ծրագրին» վայրագօրէն գործադրուած Ցեղասպանութեան Վկաներուն: 

Պատարագիչ Հայրապետն էր բազմատանջ երջանկայիշատակ Պօղոս-Պետրոս ԺԳ. Թերզեան (1910-1931) Կաթողիկոս-Պատրիարքը Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց:

Իսկ «Ճառ դամբանականն ի յիշատակ Հայ Նահատակաց խօսեցաւ Գերպծ. Յովհաննէս Եպս. Նազլեան (1875-1957)», Տրապիզոն հայաքաղաքին Առաջնորդը, որ քաջատեղեակն էր թէ՛ դէմքերուն, թէ՛ դէպքերուն եւ թէ՛ թուականներուն:

Այն օրը, 24 Ապրիլ 1915 մահատար թուականէն հազիւ անցած էին երեքուկէս տարիներ…:

Նահատակներուն բոսոր վէրքը դեռ կը կոտտար…, կամ, ինչպէս աստուածաբան ու բազմահմուտ ճառախօսը բացագանչեց. «Օրհնեա՜լ արիւն, որ տակաւին տաք-տաք կը մխաս մեր դաշտերէն դէպի երկինք, հայերուս միջեւ հաշտութեամբ եւ համերաշխութեամբ աղեղնաւորուած ծիածան մը ցայթեցո՛ւր հայերուս վրայ»:

Գերպծ. ատենաբանը համոզուած էր երէկ ու կը համոզէ այսօր ալ, թէ Աբէլի անմեղ «արիւնը կը նորոգէ իր բողոքն ամէն ոճիրի առթիւ, եւ հիմա ազգասպաններու դէմ մէկ արիւն չէ, այլ՝ բիւր-բիւրաւորներու արիւնն է, որ կը գոռայ»:

Ազգակիցներս, 8 Դեկտենբեր 1918-ի «սգահանդէսին» առաջնութիւնը պահանջեց զայն կազմակերպողներուն յաջորդ սերունդներէն, որ շարունակեն սկսուածը եւ ամէն տարի ոգեկոչեն Ապրիլեան Կտրիճներուն անթառամ ու խնկելի յիշատակը:

Այսպէս, արդար պահանջքն ունեցաւ իր պարտադրող ուժականութիւնը, որուն հոգեկանութեան շնորհիւ՝ իբր սրբազան աւանդ կտակուած մեր նախորդներուն եւ մեզի, անոնք շարունակեցին ու մենք կը շարունակենք 108 տարիներուն ընթացքին:

Սակայն, «սգահանդէսին» վշտաբեր կատարումէն անցանք փառապանծ տօնական ոգեկոչումին, որովհետեւ, ինչպէս հաստատեց մեր ատենախօսը, «մեր ազգային գոյութիւնը արիւնով գնուած է, խաչով կնքուած է», ուստի, «անիրաւութիւնը չի կրնար երաշխիք ըլլալ մնայուն ծրագրին: Արիւնարբու անձն դատապարտուած է կորուստի», եւ «Աստուծոյ որոշածը պիտի երգէ յաղթանակը:

Բաւական է, ուրեմն, որ ազգ մը Աստուծոյ օրհնութեան հանդիպի, Ան ճզմուած միջոցին կը բուսնի»:

Վերընձիւղած եւ վերապրած Ազգին մեր զաւակները, Լիբանանի մէջ, շարունակեցին սրբազան աւանդ դարձած յիշատակութիւնները, որոնցմէ մէկը մատնանշումի արժանի է այսօր:

Մեր Պատրիարքարանին կողմէ, Հայ Կաթողիկէ Երիտասարդաց Միութիւնը, 28 Ապրիլ 1937-ին, կազմակերպեց ոգեկոչումին մասին բանախօսութիւն մը, զոր տուաւ Արհի. Յովհաննէս Նազլեան Արքեպիսկոպոսը:

Ականատես եւ ականջալուր ներկան վկայեց ատենին. «Արհի. Նազլեան Գերապայծառին ազգասէր սրտէն ու գրչէն ելած արժանի մէկ դրուատիքն է հայ Նահատակներուն եւ արժանավայել նուէր ու յիշատակ է մարտիրոսացած հայութեան»:

Ազգակիցներս, ոգեղէն առաջնութեան յաջորդեց քարեղէն առաջնութիւնը:

1915-ի Ապրիլեան Նահատակներուն ի յիշատակ կազմակերպուած «սգահանդէս»-ներուն կամ ոգեկոչումներուն նախաձեռնութեան տարեթիւին կը յաջորդէ Հայասպանութեան Վկաներուն ի պատիւ կառուցուած յուշարձաններուն առաջնութեան թուականը, եւ այն՝ ոչ միայն Լիբանանի, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհին տարածքին՝ հայաշխարհին մէջ ու հա-յաշխարհէն դուրս:

«Կոթող» յուշարձաններուն առաջնութիւնը կ’երթայ այն կառոյցին, որ իբր «Յուշարձան Ապրիլ Տասնըմէկին» արձանագրութեամբ՝ կանգնուեցաւ 8 Դեկտեմբեր 1918-25 Ապրիլ 1919 ժամանակաշրջանին ու մնաց մինչեւ 1922 թուականը, երբ զայն քանդեցին «Ազգայնականները» կամ «Քեմալականները»:

«Յուշարձան Ապրիլ Տասնըմէկին» առաջինին յաջորդեց երկրորդը՝ «Կոթողը Հայ Նահատակաց», որ այսօր, հայաշխարհին մէջ գոյութիւն ունեցող «կոթող» յուշարձաններուն առաջինն է՝ կառուցուած Հ. Կ. Պատրիարքարանին առջեւի բակին մէջ, Ժըթաուի, Աշրաֆիէ, Պէյրութ:

Արդարեւ, հայ Ազգին Ցեղասպանութեան 25-ամեայ տարելիցին առիթով՝ Ապրիլեան Նահատակներուն ի պատիւ կոթող-յուշարձանը կանգնել տուաւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիին Հովուապետը՝ սրբաշնորհ Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան (1937-1962) Կաթողիկոս-Պատրիարքը:

Երբ քիչ ետք թափօրաբար պիտի երթանք Պատրիարքարանին բակը, ուր պիտի բարձրացնենք աղօթքը մեր Մարտիրոսներուն, թող մեր ներաշխարհին մէջ արձագանգեն այսօր «Աստուծոյ Ծառայ» հռչակուած հայազգի երկրորդ Կարդինալին այս խօսքերը, զորոնք կը մէջբերեմ 24 Ապրիլ 1939-ին կարդացած անոր ճառէն:

«Հաւաքուած ենք այսօր, յարգելու համար յաւէտ անմոռանալի յիշատակը մեր բիւրաւոր Նահատակներուն, որոնք արիւնով վկայեցին իրենց հաւատքին ու հայրենիքին համար:

Այդ կոթողը ունի իր իմաստը: Սիւնը կը խորհրդանշէ մեր ազգը, հայրենի աշխարհը, որուն փուշերն իսկ մեզի համար վարդեր են եւ որուն կարօտը կը մաշէ մեր հոգին:

Կոտրուած է այս սիւնը, բեկած եւ աւերած կ’երեւի մեզի: Այդ է, ստուգիւ, մեր վիճակը, ցանուցիր եղած ի սփիւռս աշխարհի, վտարանդի եւ պանդուխտ…, սակայն կանգուն է ան, որովհետեւ հրաժարած չէ կեանքի պայքարէն, ինքնապահպանումի ոգորումէն, իր բնատոհմիկ բարձր գաղափարականներէն:

Ս. Խաչը՝ յոյս եւ փրկութիւն ազգի մարդկան, կ’իշխէ սիւնին վրայ՝ իր արմատները խրելով ազգիս սրտին մէջ: Այդ խաչը կը խորհրդանշէ անշիջանելի յոյսը լաւագոյն օրերուն:

Ս. Խաչը կը կանգնի իբր յուսադրիչ երեւոյթ…: Խաչն ու խաչելութիւնը պիտի բերեն իրենց հետ հայուն յարութեան փառապսակը: Տեղն է հոս կրկնելու ոսկեղնիկ մեր Եղիշէի խօսքերը.

“Մահ ոչ իմացեալ՝ մահ է. մահ իմացեալ՝ անմահութիւն է”: Մեր անմահ Նահատակները բարեխօս ու զօրավիգ են հայրենիքին՝ այս աշխարհիս մէջ, որովհետեւ անոնց արիւնը կը բողոքէ անդադար՝ արդարութիւն պահանջելով անիրուած հայ ժողովուրդին համար…:

Անոնց արիւնը անսպառելի փրկագինն ու գրաւականը պիտի մնայ լաւագոյն օրերուն, որոնք պիտի ծագին: Ա՛յս է մեր անդրդուելի յոյսը, հակառակ իսկ ամէն յոյսի»:

Ազգակիցներս, մէկ կողմէ, «մեր անդրդուելի յոյսը» հրահրած պահելու, եւ, միւս կողմէ, Ապրիլեան Նահատակներուն յիշատակն ամէն տարի թարմացնելու սիրավառ խանդէն թելադրուելով՝ «Կոթողը Հայ Նահատակաց» շուրջ շարունակուեցան ոգեկոչումները, որոնք իրենց զենիթին հասան 1952-1962 տարիներուն ընթացքին:

Այդ տարիներուն՝ Հայասպանութեան Նահատակներուն պերճաբան հռետորը հանդիսացաւ Գերպծ. Դոկտ. Հ. Սահակ Եպս. Կոգեան (1895-1963), Վիեննական Մխիթարեանը, որուն խօսած տասնմէկ ճառերուն հատորը մեծ գրաքննադատը՝ Օննիկ Սարգիսեան (1914-1992) ճիշդ որակեց. «Մեր բիւրաւոր Նահատակներուն հոգիներուն անդորրութեան համար մեսրոպեան լեզուով գեղակերտ տապանաքար մը»:

Քոյրերս-Եղբայրներս հայկազուն, թոյլ տուէ՛ք աւարտելու իմ տկար խօսքս Հ. Կոգեանի քանի մը հրավառ խօսքերով, որոնք մինչեւ այսօր այժմէական են ու կրնան ջերմացնել մեր սրտերը եւ հայօրէ՛ն-քրիստոնէաբա՛ր ուղղել մեր քայլերը դէպի յաւերժակերտ գոյերթը մեր Ազգին ու մեր Հայրենիքին:

«Երբ հաւատքը չքանայ, երբ բարոյականը վատասեռի, երբ սէրը ազգին ու հայրենիքին պաղի, երբ անմիասնականութիւնը պառակտէ մեզ, թշնամին կրնայ պարծիլ կրկնապատիկ պարծանքով»:

«Ազգասիրութիւնը եթէ գործօն չէ, շատ տարբեր չէ կեղծէն, սուտէն: Ճշմարիտ ազգասէրը, հայրենասէրը պարծենկոտ չէ, այլ՝ իրատես է, ինքնամոռաց է, զոհուող է:

Առանց զոհողութեան` ազգասիրութիւնը պատրանք է, հայրենասիրութիւնը փրփուր է»:

«Պիտի պարծի՛ մեղաւոր թշնամին, երբ հայ մշակոյթի ամէնէն ցայտուն ներկայացուցիչը՝  մայրենի լեզուն, տակաւ լռէ հայ շրթներուն վրայ, հայ ընտանիքին մէջ: Երբ հայերէնը օտար եւ բարբարոս հնչէ հայ նորաբոյս սերունդին, որ յոյսն է ազգին»:

«Առնոլտ Ժ. Թոյնպի (1889-1975) անգլիացին, որ գրած է հայկական ջարդերուն մասին, կ’ըսէ. “Ազգ մը կը մեռնի, երբ մեռցնէ հաւատքն ու բարոյականը”:

Եթէ ազգ մը կը մեռնի, որ հաւա՛տքը կը մեռցնէ, ուրեմն, պարզ է մեր ընելիքը. “Հայավարի, միասնական ու եղբայրաբար ապրինք հաւատքո՛վ, որպէս զի իբր անհատ, իբր ընտանիք եւ իբր ազգ կարենանք ապրիլ առողջ, կարենանք մնալ ուժեղ եւ կարենանք գոյատեւել այնպէս, որ մեր յաղթանակն ըլլայ ո՛չ միայն երկրաւոր, այլ նաեւ յաւերժական”»:

«Մեր մնայուն եւ կենսաբաշխ պարծանքն էք դուք,

ո՜վ Ապրիլեան Նահատակներ,

Կրօնին եւ Ազգին Վկաներ, Սուրբեր,

Ճշմարտութեան Առաքեալներ,

Մարդկայնականութեան Կտրիճներ:

Դուք պէտք չունիք մեր աղօթքին եւ մեր գովասանքին:

Մե՛նք պէտք ունինք ձեր պաղատագին բարեխօսութեան:

Մե՛նք կարիքն ունինք ձեր հզօր պաշտպանութեան:

Մե՛նք պահանջքն ունինք ձեր արիասիրտ օրինակին:

 

Ո՜վ Ապրիլեան Նահատակներ,

Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան,

Կտրիճ Դանիէլ Վարուժան,

եւ գաղափարապաշտ Ընկերակիցներ,

դուք լուսատու Փարոսներն էք մեր մշտավառ յիշողութեան:

Դուն անմահ Վկաներն էք մեր պատմական ճշմարտութեան:

 

ո՜վ Ապրիլեան Նահատակներ,

Աստուծոյ եւ մարդուն դիմաց՝

մենք կ’ուխտենք ձեզի

մնալ հաւատարիմ ու պահանջատէր

ձեր սրբազան դատին,

այսօր, ինչպէս երէկ, վաղը եւ միշտ,

յաւիտեանս, յաւիտենից»: Ամէն:

Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Պատրիարքարանի բակը, ուր Նահատակաց յուշակոթողին առջեւ տեղի ունեցաւ աղօթք։