ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ ՊԱՊԸ ՈՒՆԿՆԴՐՈՒԹԻՒՆ ՇՆՈՐՀԵՑ ԷՐՏՈՂԱՆԻՆ

5 փետրուար 2018, երկուշաբթի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝ Վատիկանի Առաքելական Պալատի պաշտօնական ընդունելութիւններու մատենադարանին մէջ  անձնական ունկնդրութեամբ ընդունեց Թուրքիոյ նախագահ Ռէճէպ Էրտողանը։ 1959-էն ի վեր Թուրքիոյ նախագահի մը առաջին այցելութիւնն էր Վատիկան։ Խօսակցութիւնը, որ տեղի ունեցաւ երկու թարգմանիչներու ներկայութեան, տեւեց շուրջ ժամ մը, ինչ որ նախատեսուած ժամանակէն աւելի էր։ Սուրբ Աթոռի  հաղորդագրութեան համաձայն, խօսակցութիւնը կեդրոնացաւ Միջին Արեւելքի   գաղթականներու տագնապին եւ խաղաղութեան բանակցութիւններուն շուրջ։  Հաղորդագրութեան մէջ արձանագրուած բանալի բառերն են «խաղաղութիւն», «կայունութիւն», «երկխօսութիւն», «բանակցութիւն», «մարդու իրաւունքներ» եւ «միջազգային օրինականութիւն»։

Նուէրներու աւանդական փոխանակումի պահուն, Սրբազան Քահանայապետը Թուրքիոյ նախագահին նուիրեց  պրոնզեայ մետալ մը որ կը ներկայացնէ խաղաղութեան Հրեշտակը՝ որ  կը գրկէ երկրագունդին երկու կիսագունդերը՝ ետ մղելով բաժանումի վիշապը։ Նուէրը յանձնելու պահուն, Պապը կատարեց հետեւեալ մեկնաբանութիւնը. «Խաղաղութեան հրեշտակն է որ կը խեղդէ պատերազմի սատանան եւ ասիկա խորհրդանիշն է  խաղաղութեան եւ արդարութեան վրայ հիմնուած աշխարհի մը»։ Մետալին վրայ նաեւ արձանագրուած է՝ «Միասնականութեան եւ խաղաղութեան  աշխարհ մը հիմնուած արդարութեան վրայ»։ Պապը Էրտողանին նուիրեց նաեւ Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէկ  քանդակը, իր “Laudato si’”  շրջաբերականին եւ 2018 Խաղաղութեան Համաշխարհային Օրուան իր պատգամին օրինակները։

Պապին հետ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք, Էրտողան տեսակցութիւն մը ունեցաւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փերոլինին հետ,  Պետութիւններուն հետ յարաբերութիւններու Քարտուղար Փօլ Ռիչըրտ Կալլակըր եպիսկոպոսին ներկայութեան։