Կիրակի, 27 Սեպտեմբեր 2020-ի կէսօրին Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը խօսքը ուղղելով Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած ուխտաւորներուն նշեց՝ թէ «մտահոգիչ տեղեկութիւններ կը հասնին Կովկասեան շրջանին մէջ բախումներու մասին։ Կ՛աղօթեմ Կովկասի խաղաղութեան համար եւ հակամարտող կողմերէն կը խնդրեմ դիմել բարի կամքի եւ եղբայրութեան գործնական քայլերու, հարցերը լուծելու համար ոչ թէ ուժի եւ զէնքի կիրառումով, այլ երկխօսութեան եւ բանակցութեան միջոցաւ։ Միասին աղօթենք լռութեամբ Կովկասի խաղաղութեան համար», ըսաւ Սրբազան Պապը։
Միեւնոյն օրը, առաւօտեան Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Վատիկան այցով գտնուող Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը: Միջ եկեղեցական համագործակցութեան ու երկխօսութեան շրջագիծէն ներս տեղի ունեցած ջերմ ու անմիջական հանդիպմանը Հայաստանեայց Առաքելական ու Կաթողիկէ եկեղեցիներու հովուապետերուն միացաւ նաև Սուրբ Աթոռի մօտ ՀՀ դեսպան Կարեն Նազարեանը։
Պապի այս կոչին անդրադարձան լրատուամիջոցները, լուսաբանելով նաև Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հարցազրոյցները, որոնք առնչուած են շփման գծի երկայնքով Ատրպէյճանի յարձակումին։