«ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ ՊԱՊԸ ԽՆԴՐԵՑ ՈՐ ՀԱՅ ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼՆԵՐԸ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՄՆԱՆ ԻՐԵՆՑ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՈՒ ՀԱՒԱՏՔԻՆ». Կ’ըսէ Գերապայծառ Մուրատեան

Հինգշաբթի, 20 Փետրուար 2020-ի առաւօտեան, Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Գանատայի հայ կաթողիկէներու առաջնորդ՝ Արհի․ Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատեան՝ Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի եպիսկոպոսներուն համահաւաք դասի արեւելածէս եկեղեցիներու եպիսկոպոսներուն հետ միասին հանդիպում ունեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին հետ։
Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու եպիսկոպոսներուն Սուրբ Պետրոսի յաջորդին տուած հնգամեայ կանոնական այցելութեան ծիրէն ներս։ Անոնք՝ բացի Ֆրանչիսկոս Պապին հետ ունկնդրութենէն, հանդիպումներ ունեցան Վատիկանի այլ Ժողովներու ու կաճառներու պատասխանատուներուն հետ։
Անդրադառնալով Ֆրանչիսկոս Պապին հետ հանդիպումին, Արհիապատիւ Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատեան Վատիկան Նիուզ – Ռատիօ Վատիկանի հայկական բաժնին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, նշեց թէ ինք հարց տուած է Սրբազան Քահանայապետին թէ ի՞նչ պատգամ կը փափաքի որ եպիսկոպոսները փոխանցեն իրենց հաւատացեալներուն։ Սրբազան Քահանայապետը, որ Պուէնոս Այրէսի մէջ շփում ունեցած է արեւելեան ծէսին պատկանող Եկեղեցիներուն հետ ու մօտէն ծանօթ է անոնց իրականութեան ու իւրայատկութիւններուն, պատասխանեց․ «Ձեր հաւատացեալներուն ըսէք որ հաւատարիմ մնան իրենց աւանդութիւններուն ու հաստատ՝ իրենց հաւատքին մէջ, հիմնուած Քրիստոսի վրայ եւ արմատացած Անոր մէջ»։

ՌՈՊԵՐ ԱԹԹԱՐԵԱՆ
Ռատիօ Վատիկան