ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ԿՈՉ ՈՒՂՂԵՑ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԽԱՂԱՂ ԼՈՒԾՄԱՆ ՀԱՄԱՐ

Կիրակի, 1 Նոյեմբեր 2020-ի կէսօրին՝ Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի աւարտին, ողջունելով Սուրբ Պետրոսի հրապարակ ժամանած ուխտաւորներու խումբերը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը դարձեալ կոչ ուղղեց Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ լուծումին ի նպաստ։

«Այս տօնական օրուան առթիւ չմոռնանք այն, ինչ որ կը պատահի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, ուր զինեալ բախումները կը շարունակուին՝ զոհերու ողբերգական աճով, քաղաքացիական բնակավայրերու, ենթակառոյցներու եւ աղօթատեղիներու կործանումով, ու քաղաքացիական բնակչութեան աւելի ու աւելի զանգուածային ներգրաւումով։ Ողբերգական է այս մէկը,­ ըսաւ Սրբազան Պապը։ Կ’ուզէի վերանորոգել իմ սրտագին կոչս՝ հակամարտութեան մաս կազմող կողմերու պատասխանատուներուն, որպէսզի որքան հնարաւոր է, այնքան շուտ միջամտեն, կասեցնելու համար անմեղ արեան հեղումը։ Թող չմտածեն հարցը լուծել բռնութեամբ, այլ յանձնառու ըլլան վարելու անկեղծ բանակցութիւններ, միջազգային հասարակութեան օգնութեամբ։ Իմ կողմէս մօտ եմ բոլոր անոնց, որոնք կը տառապին եւ հրաւէր կ’ուղղեմ հայցելու Սուրբերու բարեխօսութիւնը՝ տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան համար»։