Քահանայական Ձեռնադրութիւն Հայր Կարապետ Քլընճեանի

Կիրակի, 16 Փետրուար 2020-ի առաւօտեան ժամը 10.30-ին, Հռոմի Մարոնիներու Ս. Մարուն եկեղեցւոյ մէջ, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին նախագահութեամբ մատուցուած Հայրապետական Ս. Պատարագի ընթացքին տեղի ունեցաւ Հայր Կարապետ Քլընճեանի քահանայական ձեռնադրութիւնը։ Հոգեպարար արարողութեան ներկայ էին մասնաւորաբար Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ՝ Արհի. Ռաֆայէլ Արք. Մինասեան, Բերիոյ եւ Բարձր Ճազիրէի թեմերու առաջնորդ Արհի. Պետրոս Արք. Միրիաթեան, Ֆրանսայի թեմի վաստակաւոր առաջնորդ՝ Արհի. Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան, Զմմառու Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի ընդհանուր Մեծաւոր՝ Գերպծ. Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեան, Ս. Աթոռի մօտ Հայաստանի դեսպան Տիար Կարէն Նազարեան, Արեւելեան եկեղեցիներու խորհուրդի անդամ Գեր. Մարք վրդ. Թայար, ինչպէս նաեւ միաբանակից հայրեր, Հռոմի Անարատ Յղութեան Միաբանութեան քոյրերը եւ հաւատացեալներ։

Հայր Կարապետ Գըլընճեան, ծնած է 11 Մարտ 1991-ին, Հասաքէի մէջ: 2010-ին մտած է Զմմառու Պատրիարքական կղերի Միաբանութեան Դպրեվանք, ապա 2011-ին ընդունուած է Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարան եւ յաճախած է Յիսուսեան հայրերու Գրիգորեան համալսարան հմտանալով իմաստասիրական ճիւղին մէջ: Վերադառնալով Զմմառ, իր աստուածաբանական ուսումը շարունակած է Պօղոսեան հայրերու կաճառին մէջ։

Ձեռնադրութեան առթիւ Հայր Կարապետ վերակոչելով Յիսուսին Խօսքը «Կը սիրե՞ս զիս» եւ Սուրբ Պետրոսին պատասխանը «Այո Տէր, դուն գիտես թէ կը սիրեմ քեզ», նշեց թէ ինք իննը տարիներ շարունակ կը պատասխանէր Տիրոջ Սուրբ Պետրոսին նման «Այո Տէր կը սիրեմ քեզ» ըսելով Յիսուսին։

«Ահաւասիկ եկաւ պահը այդ «Այո»ն խօսքէ գործի վերածելու։ Աղօթեցէ՛ք ինծի համար, որպէսզի կարենամ միշտ հաստատ մնալ կոչմանս մէջ» ըսաւ նորօծ Քահանայ Հայրը։

Իսկ սրբազան արարողութեան ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը խօսքը ուղղելով Քահանային՝ ի մէջ այլոց ըսաւ. «Սիրելի Հայր Կարապետ, 9 տարիներէ ի վեր կը պատրաստուիս ընդունելու համար այս մեծ շնորհքը՝ որուն համար Աստուած քեզ կոչեց։ Թէեւ բոլոր մկրտեալները կոչուած են մասնակցելու Յիսուսի Քահանայութեան, բայց Ան միայն մի քանիներ կ’ընտրէ՝ որպէսզի իր առաքելութիւնը շարունակեն։ Եւ Դուն անոնցմէ մէկն ես։ Միակ վարդապետը, միակ Քահանան, միակ Հովիւը ինքն է՝ Քրիստոս, եւ դուն քահանայական առաքելութիւնդ պէտք ես ապրիլ Քրիստոսով, Քրիստոսի խօսքը տարածելով ու հաւատարիմ մնալով այդ խօսքին։ Եղիր նման Քրիստոսի որ եկաւ ոչ թէ ծառայութիւն ընդունելու այլ ծառայելու, քեզի յանձնուած հօտին մէջ, աղքատին, հիւանդին, դիւրաբեկին մէջ տեսնելով նոյնինքն Քրիստոսը, եւ անոնց ճանչցնելով Քրիստոսին սիրտը ու անոր ողորմութիւնը»։

Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը իր քարոզը աւարտեց մաղթելով որ նորօծ քահանան, որ Հայ ժողովուրդին Հովիւ պիտի դառնայ, երբեք յուսալքում չի ճանչնայ։