Armenian/Arabic
«Մենք զմեզ հարց կու տա՞նք, եթէ Աստուծոյ հետ ենք: Մենք զմեզ հարց կու տանք, թէ ի՞նչքան է Սիրոյ արժէքը: Արդեօ՞ք կը մտածենք խոնարհութեան կարեւորութեան մասին մեր կեանքին մէջ»: Այս գլխաւոր հարցադրումներով ներկայացաւ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր քարոզին մէջ, հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագին ընթացքին, զոր մատոյց արաբախօս հաւատացեալներուն համար, Աթէնքի «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» եկեղեցւոյ մէջ:
Սուրբ արարողութեան մասնակցեցան՝ Բերիոյ Հայ Կաթողիկէ թեմի առաջնորդ Արհի. Հայր Պետրոս Արք. Միրիաթեան, Աթէնքի Հայ Կաթողիկէներու Առաքելական Կառավարիչ Գերյ. Յովսէփ Ծ.Վ. Պեզեզեան, խումբ մը քահանաներ եւ հաւատացեալներ:
Սուրբ Աւետարանի ընթերցումէն ետք, Գերյ. Յովսէփ Ծ.Վ. Պեզեզեան ելոյթ մը ունեցաւ, որուն մէջ յայտնաբերեց այս գեղեցիկ օրուան կարեւորութիւնը արաբախօս հաւատացեալներու ներկայութեամբ, որոնք ամէն շաբաթ օր կ’աղօթեն այս եկեղեցւոյ մէջ: Ան այս առիթով շեշտեց, որ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ այցելութիւնը յոյս ներշնչեց հաւատացեալ ժողովուրդին այս սուրբ տաճարին մէջ:
Մինասեան Հոգեւոր Տէրը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ սիրոյ, խոնարհութեան եւ Տիրոջ ներկայութեան մասին մեր կեանքին մէջ, որովհետեւ, «կը գտնուինք հպարտութեամբ, ատելութեամբ եւ նախանձութեամբ բնորոշուած դարաշրջանին, ուստի պէտք է մենք զմեզ միշտ հարց տանք, եթէ Աստուծոյ հետ ենք»: Հոգեւոր Տէրը նաեւ ողջունեց արաբախօս հաւատացեալները, որոնք տարբեր երկիրներէ եկած եւ ապաստանած են Յունաստանի մէջ, կոչ ուղղելով անոնց, որ աղօթեն իրենց եղբայրներուն համար, որոնք կը դիմագրաւեն մեծ մարտահրաւէրներ Լիբանանի, Սուրիոյ եւ ամբողջ տարածաշրջանին մէջ:
البطريرك ميناسيان يترأس القداس الإلهي للمؤمنين الناطقين باللغة العربية في كنيسة غريغوريوس المنور – أثينا وقال:” هل سألنا ذاتنا إذا نحن مع الله”.
” هل سألتا ذاتنا إذا نحن مع الله” هل سألنا ذاتنا ما هو عربون المحبة” هل سألنا ذاتنا عن أهمية التواضع في حياتنا”، هذه التساؤلات شكلت عناوين هامة لعظة كاثوليكوس بيت كيليكيا للأرمن الكاثوليك البطريرك روفائيل بيدروس الحادي والعشرون ميناسيان خلال ترؤسه القداس الإلهي للمؤمنين الناطقين باللغة العربية في كنيسة القديس غريغوريوس المنور – أثينا.
شاركه في القداس رئيس أساقفة أبرشية حلب للأرمن الكاثوليك المطران بطرس مراياتي، المدبر الرسولي للكنيسة الأرمنية الكاثوليكية الإكسرخوس جوزيف بيزازيان، وٱباء كهنة ومؤمنين.
بعد الإنجيل المقدس، ألقى الإكسرخوس جوزيف بيزازيان كلمة عبر فيها عن أهمية هذا اليوم الجميل لوجود المؤمنين الناطقين باللغة العربية والذين يصلون كل يوم سبت في هذه الكنيسة، مؤكدا أن زيارة البطريرك ميناسيان قد أعطت أملا ورجاء جديدين للشعب المؤمن في هذه الديار المقدسة.
أما البطريرك ميناسيان فسأل في عظته عن المحبة، التواضع، وجود الله في حياتنا، لأننا بتنا نعيش في عصر مليء بالكبرياء بالحقد، بالغيرة، لذلك علينا أن نسأل ذاتنا باستمرار عما إذا كنا مع الله؟
وأشاد غبطته بالمؤمنين الناطقين باللغة العربية والوافدين إلى اليونان من دول مختلفة، داعيا إياهم إلى الصلاة من أجل اخوتهم الذين يعيشون وسط تحديات كبيرة في لبنان، سوريا وسائر المنطقة.