Ուրբաթ, 29 Հոկտեմբեր 2021ին, Ամեն. եւ Գերեջ. ՏՏ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի հրաւէրով այցելեց Ազգային Ժողով, ուր հիւրընկալուեցաւ նախագահ Ալէն Սիմոնեանի կողմէ։
Շնորհաւորելով Հոգեւոր Տէրը` Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարք ընտրութեան եւ գահակալութեան առթիւ՝ Ալէն Սիմոնեան անոր մաղթեց յաջողութիւններ՝ բարձր եւ աստուածահաճոյ առաքելութեան մէջ:
Հոգեւոր Տէրը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Սիմոնեանին, գահակալութեան արարողութեան առթիւ Ազգային Ժողովի անունով Լիբանան Ժամանած ու արարողութեան մասնակցած պատուիրակութեան համար:
Զրուցակիցները քննարկեցին հայրենիքին եւ աշխարհասփիւռ հայրենակիցներուն մտահոգող հարցեր, ինչպէս նաեւ կաթողիկէ համայնքին վերաբերող հոգեւոր ու կրթական հարցեր, ամրագրելով հայրենիքին հետ կապը առաւել սերտացնելու ու փոխ համագործակցութիւնը աւելիով ամրապնդելու հրամայականը` ի շահ Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ բնակող հայութեան։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ լիբանանահայ համայնքի խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ Հայաստանի դերակատարութեան։
Հոգեւոր Տէրը շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրընկալութեան համար՝ ՀՀ ԱԺ նախագահին եւ Ազգային ժողովին մաղթելով արդիւնաւէտ գործունէութիւն: