Կիրակի, 4 Նոյեմբեր 2018-ի երեկոյեան, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։
Հանդիպումին ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան, Պէյրութի հայ կաթողիկէ թեմի օգնական եպիսկոպոս՝ Արհիապատիւ Գէորգ Եպս. Ասատուրեան, Արհիապատիւ Մանուէլ Եպս․ Պաթագեան, պատրիարքարանի տեղեկատուական բաժանմունքի պատասխանատու՝ Գերպ. Սեպուհ Վրդ. Կարապետեան, Մայր Տաճարի լուսարարապետ՝ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեան եւ Կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան։
Այցելութեան հիմնական նպատակն էր շնորհաւորել Վեհափառ Հայրապետին ձեռնադրութեան յիսնամեակը, սակայն ան առիթ մը եղաւ նաեւ քննարկելու Հայաստան-Սփիւռք, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ միջեւ գործակցութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ներկայ կացութեան առնչուած հարցեր։