Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ ՏԷՐ ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքի Զատկական Պատգամը

ԶԱՏԿԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄ

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ ՏԷՐ ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց

ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՈՒ ԱՆՀԵՐՔԵԼԻ ՅԱՂԹԱՆԱԿՆ Է ՄԱՀՈՒԱՆ ՈՒ ՉԱՐԻՆ ՎՐԱՅ

 

Ո՛վ մահ, ո՞ւր է յաղթութիւն քո (1 Կոր 15, 55 )

 

Երբ Պօղոս առաքեալը, ինքնավստահ, կը հռչակէր իր նորադարձ Կորընթացի ունկնդիրներուն դիմաց՝ թէ Քրիստոս ո՛ղջ է եւ իրապէ՛ս յարութիւն առած է մեռեալներէն, իրեն համար անվիճելի՛ ճշմարտութիւն էր այդ, հի՛մքը իր դաւանած նոր կրօնքին : Ան չէր վախնար որ այդ նորադարձ քրիստոնեաներէն ոմանք, անհեթեթ դատելով այդպիսի խօսք մը՝ խրտչէին ու գայթակղէին, եւ ցմիշտ հեռանային իրմէ :

Գիտէր անտարակոյս. եւ հակառակ ասոր, ան չէր փորձուած ետ առնել իր խօսքը կամ մեղմացնել զայն. ընդհակառակը՝ աւելի՛ կը պնդէր անոր իրաւացիութեան վրայ : Եւ սակայն ան, Քրիստոսի յախուռն քարոզիչը դար-ձած, Քրիստոսի աշակերտը չէ՛ եղած. մանաւանդ թէ՝ եղած է անոր հետե-ւորդներուն առաջին ու ամէնէն վայրագ հալածիչներէն մին : Հարկ եղած է որ յարուցեալ Քրիստոս ի՛նքը, իրեն երեւնալով՝ շանթահարէր զայն Դամասկոսի ճամբուն վրայ, երբ ինք հոն կ’երթար՝ Քրիստոսի հետեւորդները ձերբակալելու եւ դատի քաշելու առաքելութեամբ :

Պօղոսի յանկարծական դարձն ու յեղաշրջումը, որու շնորհիւ Քրիստոսի անողոք թշնամին կը դառնար անոր խիզախ քարոզիչը, կարելի է Քրոստոսի առաջին յաղթանակը համարել եւ անուրանալի ապացոյցներէն մին՝ անոր յարութեան : Ինչպէ՞ս երեւակայել որ այդ քրիստոսատեաց մարդը, որ կը կարծէր Աստուծոյ հաճելի գործ կատարել, կեղծ Մեսիային աշակերտ-ները հալածելով, ակնթարթի մը մէջ, դառնար նոր վարդապետութեան ռահվիրան. մինչեւ իսկ արժանանալով «Հեթանոսներու Առաքեալ» տիտղոսին, սահման-ւած, իր կարգին՝ հալածուելու եւ գլխատուելու ի սէր Քրիստոսի :

Ուրեմն անոր քարոզութիւնը հիմնուած չէր պատահական, հոգ չէ թէ սքանչելի տեսիլքի մը, թողած տպաւորութեան վրայ, այլ խոր համոզումի մը վրայ՝ թէ իրեն երեւցողը եւ զինք դարձի բերողը՝ ուրուական մը չէր, այլ նոյնինքն Քրիստո՛սը, խոստացուած Մեսիա՛ն, որ խաչուելէն ու մեռնելէն ետք, զոյգ մը մահապարտներու միջեւ, վերստին կենդանացած՝ իր դիմացը կ’ելլէր Դամաս-կոսի ճամբուն վրայ, եւ կը սաստէր՝ ըսելով. «Սաւո՛ւղ, Սաւո՛ւղ, ինչո՞ւ կը հալածես զիս», այսինքն ի՛մ աշակերտներս. ու տառացիօրէն զայն կը զգետնէ՛ր, ֆիզի՛քապէս ու հո՛գեպէս, միաժամանակ լուսաւորելով անոր միտքը եւ ցմիշտ գրաւելով, անոր հոգին, ամբո՛ղջ էութիւնը :

Պօղոս, այդ հիմնական այլափոխումէն ետք, կրնա՞ր լուռ մնալ, չպոռթ-կալ ու չգոռալ ի դէմս բազմութիւններուն՝ թէ ի՛նք, այդ խաչեալին թշնամին ու հալածիչը, որ հրաշքով մը եւ ակնթարթի մը մէջ, ա՛յլ մարդ դարձած էր, այժմ կը ճանչնար թէ ան Աստուծոյ Որդին էր, խաչին վրայ գամուած ու մեռած, եւ այժմ վերակենդանացած :

Պօղոսի դարձը ինքնին՝ մեծագոյն հրաշքն է Քրիստոսի. որովհետեւ ո՛չ միայն զայն տապալած ու վերականգնած էր տեսիլքով մը, այլ նոր արարած դարձուցած էր զայն : Այսուհետեւ Պօղոս կրնար հռչակել թէ՝ «Ես Քրիստոսի հետ խաչուած եմ. ես կ’ապրիմ, այո՛, բայց ես չե՛մ որ կ’ապրիմ, այլ՝ Քրիստո՛սն է որ կ’ապրի իմ մէջս» (Գաղ 2, 20) :

Պօղոսի հաւատքը Քրիստոսի յարութեան հանդէպ, այնքա՛ն հզօր պիտի դառնայ, որ սիրոյ գագաթնակէտին պիտի հասցնէ զինք, գերագոյն զոհաբերու-մին: Ո՛չ մի խոչնդոտ պիտի կասեցնէ անոր եռանդը՝ քարոզելու խաչուած ու յարուցեալ Տէրը: Իր քարոզին հիմնական կէտը պիտի դառնայ այդ. «Եթէ Քրիստոս յարութիւն չէ՛ առած՝ դատա՛րկ է մեր քարոզութիւնը, ուստի ապար-դիւն է նաեւ՝ յոյսը մե՛ր յարութեան» : Եթէ մենք յարութիւն չառնենք իրեն նման, անիմաստ է նոյնի՛սկ մեր գոյութիւնը, որովհետեւ մենք անմա՛հ ստեղծուած ենք եւ կրկի՛ն անմահ պիտի դառնանք՝ շնորհիւ Քրիստոսի մահուան ու յարութեան:

Յարութիւնը՝ Պօղոսի քարոզութեան կեդրո՛նն է, հիմնուած՝ Քրիստոսի մարգարէական խօսքին վրայ : Երբ հրեաները գայթակղած էին որ Յիսուս կը համարձակէր ըսել. «Քանդեցէ՛ք այս տաճարը, եւ ես երեք օրէն պիտի վերականգնեմ զայն» (Յովհ 2, 19), անոնք անկարո՛ղ էին անշուշտ ըմբռնելու թէ Յիսուս «այդ կ’ըսէր՝ իր մարմինի՛ն տաճարին մասին», որ պիտի վերականգնէր իր մահէն երեք օր ետք իր փառաւո՛ր յարութեամբ :

Արդարեւ, եթէ Քրիստոս յարութիւն չառնէր, եթէ իր մարմինը գերեզմանի մէջ մնար ու փտութեան մատնուէր, ո՛եւէ մահկանացուի մարմնին նման, անոր կեանքն ու մահը, քարոզութիւնն ու հրաշքները, իր աշակերտներուն խոստա-ցած երկինքի արքայութիւնը, մէկ խօսքով ամէ՛ն ինչ՝ փլուզումի պիտի ենթարկուէր, ինքը՝ ստախօս ու կեղծարար պիտի նկատուէր, եւ իր հիմնած Եկեղեցին պիտի կործանէր, ինչպէս Երուսաղէմի տաճարը՝ որ քարուքանդ եղաւ ըստ իր կատարած մարգարէութեան :

Քրիստոս պիտի ամբաստանուէր իբր ճարպիկ աճպարար, որ ամէն միջոցի դիմած էր՝ խաբէութեամբ հետեւորդներ շահելու համար: Իսկ Պօղոս՝ հաստատեց թէ ինք կը հռչակէր պատմակա՛ն իրողութիւն մը եւ ոչ թէ ցնո՛րք մը, որու վաւերականութիւնը, բիւրաւոր վկաներ պիտի հաստատէին իրենց արեա՛ն գնով : Այդ վկայութիւնը, սկսեալ առաջին դարէն, կ’երկարի մինչեւ օրերս : Նորագոյնները այդ անթիւ վկաներէն՝ մեր Վարդանանց հերոսները եւ մեծ Եղեռնի նահատակները :

Քրիստոսի յարութիւնը միայն ի՛ր յաղթանակը չէ մահուան վրայ, այլ մե՛րն է նաեւ, յաղթանակը ամբո՛ղջ մարդկութեան՝ որ կը տենչայ անմահութեան: Տօնն է մանաւանդ ժողովուրդի մը, Հա՛յ ժողովուրդին, որ ազգերու միջեւ եղաւ առաջի՛նը որ հռչակեց թէ կը հաւատա՛յ Քրիստոսի, յարուցեա՛լ Քրիստոսին, որու նմանութեամբ ի՛նք եւս չարչարուեցաւ  եւ արիաբար պայքարեցաւ՝ միշտ վա՛ռ պահելով իր հաւատքն ու յոյսը՝ թէ մահուան կը յաջորդէ կեանքը՝ յարութեամբ : Ամէնէն աւելի՝ ի՛նքը կրնայ իրաւա՛մբ հռչակել Պօղոս առաքեալին հետ. «Ո՛վ մահ, ո՞ւր է քու յաղթութիւնդ» :

Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր, Զատիկը առիթն է՝ թարմացնելու ու վերակենդանացնելու մեր հաւատքը : Հաւատքը՝ Քրիստոսի յարութեա՛մբ միայն կ’արդարանայ եւ կը գոյատեւէ : Եւ յոյսին միացած հաւա՛տքն է որ վառ կը պահէ մեր ակընկալութիւնը՝ Քրիստոսի խոստումին իրականացման. դուք ինծի հետ պիտի փառաւորուիք երկինքի արքայութեան մէջ :

Հայցե՛նք Տիրոջմէ որ, մինչ ցնծութեամբ կը տօնենք իր Որդւոյն յարութիւնը, անոր խոստացած խաղաղութիւնը տիրէ համայն աշխարհի վրայ, բայց մանաւանդ մեր Մայր Հայրենիքին, Արցախին, Սփիւռքին եւ Լիբանանին, եւ յատկապէս Միջին Արեւելքի մեր երկիրներուն մէջ ուր քրիստոնեայ ժողովուրդները իրենց հաւատքին համար արի՛աբար կը պայքարին եւ կը դիմանան՝ քեզ չուրանալու համար :

Թող քու ցնծութիւնդ եւ ուրախութիւնդ, օր առաջ ծագի ու տարածուի անոնց բոլորին վրայ :

 

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱ՛Ի Ի ՄԵՌԵԼՈՑ

ՕՐՀՆԵԱ՛Լ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ