ՎԱՐՉԱՊԵՏ ԿԱՐԷՆ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԶՄՄԱՌՈՒ ՎԱՆՔ

Լիբանան կատարած երկօրեայ պաշտօնական այցելութեան շրջագիծէն ներս, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Կարէն Կարապետեան եւ իր գլխաւորած բազմանդամ  պատուիրակութիւնը երեքշաբթի, 13 մարտ 2018-ի յետմիջօրէին այցելեցին Զմմառու Վանք, ուր դիմաւորուեցան Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս գերապայծառ Գէորգ Ասատուրեանին եւ Զմմառու պարիարքական կղերի միաբանութեան անդամներու կողմէ։ Վարչապետը վանքէն ներս իր շրջայցը սկսաւ Ցաւագին Տիրամօր մատուռէն, ուր միաբան հայրերուն կողմէ արտասանուած գոհաբանական աղօթքէն ետք, ան ուղղուեցաւ Վանքին դահլիճը, ուր բարիգալուստի խօսք արտասանեց գերապայծառ Գէորգ եպիսկ. Ասատուրեան։ Ան յայտնեց որ  «Զմմառու դարաւոր այս Վանքը եղած է ու կը մնայ անխտիր իւրաքանչիւր Հայու Տունը։  Հետեւաբար, դուք ձեր հարազատ տան մէջ կը գտնուիք»։ Գերապայծառը  ապա նշեց որ  «շուտով 300 ամեայ այս Վանքը վկայութիւնն է Հայ ժողովուրդի ներկայութեան այս հիւրընկալ հողին վրայ։ Ան միաժամանակ վկայութիւնն է, պահապանն ու տարածողը Հայ ժողովուրդի հոգեւոր ու մշակութային արժէքներուն։ Զմմառու միաբան հայրերը եղած են եւ կը շարունակեն ըլլալ քարոզիչները ոչ միայն Հայ Եկեղեցւոյ եւ Քրիստոնէական հաւատքին, հայկական արժէքներուն, այլ նաեւ Հայաստանին, մանաւանդ 26 ամեայ ազատ ու անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան, զոր Ֆրանչիսկոս Պապը աշխարհին ցոյց տուաւ իբրեւ առաջին քրիստոնեայ երկիրը»։

Յայտնելով որ  հայրենի հողի վրայ սեփական օճախ, տուն-տեղ ունենալու գաղափարը գրաւիչ պէտք է ըլլայ ամէն հայու համար, գերապայծառ Ասատուրեան ուրախութեամբ հաստատեց  որ   վարչապետը  ոչ մէկ ճիգ կը խնայէ  հայրենի հողը գրաւիչ դարձնելու համար ամէն տեսակէտով, ինչպէս ցոյց կու տայ տնտեսական շօշափելի աճը։

Վերջապէս,  գերապայծառը վստահեցուց որ  Հայ կաթողիկէ Եկեղեցին եւ համայնքը պիտի շարունակեն զօրակցիլ ամէն նախաձեռնութեան որուն նպատակը Հայաստանի բարգաւաճումը եւ հայկական զոյգ հանրապետութիւններուն  հզօրացումն է։ Ան հրամայական նկատեց այս նպատակին շուրջ  համայն Հայութեան համախմբումը։

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան իր կարգին նախ շնորհակալութիւն յայտնեց  ջերմ ընդունելութեան համար եւ բարձր գնահատեց վանքին ու միաբանութեան առաքելութիւնը։ Ապա ան անդրադարձաւ Հայաստանի զարգացման լայն  հնարաւորութիւններուն եւ ներդրումներու կարեւորութեան, հրաւիրելով իւրաքանչիւր հայ հնարաւորին չափ իր բաժինը բերելու այդ զարգացումին։ Ան վստահեցուց որ Հայաստան բոլոր նախադրեալները , առաւելութիւնները եւ երաշխիքները ունի  առաջատար երկիր դառնալու։

Այնուհետեւ, հրաժեշտ առնելէ առաջ վարչապետը եւ պատուիրակութեան անդամները այցելեցին Վանքին թանգարանը, Եկեղեցին եւ շրջաբակը։