Վատիկանի մօտ ՀՀ դեսպան Նազարեանի Հաւատարմագրերու յանձնումը Պապին

ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ թէ Մարտի 9-ին  Սրբազան Քահանայապետ Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Պապին իր հաւատարմագրերը յանձնեց Սուրբ Աթոռի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Կարէն Նազարեանը։

Արարողութեան հետեւած զրոյցի ընթացքին դեսպան Նազարեան ՀՀ քաղաքացիներու, անոնց ընտրեալ իշխանութիւններուն անունով  Քահանայապետին փոխանցեց ջերմ ողջոյններ, նշելով, որ Հայաստանի մէջ մշտապէս վառ են անոր՝ առաջին քրիստոնեայ երկիր պատմական այցելութեան յուշերը։ Դեսպանը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ Նորին Սրբութեան սկզբունքային դիրքորոշման համար, որ ճշմարտութեան ու արդարութեան միջոցով ժողովուրդներու ու պետութիւններու միջեւ համերաշխութեան միտուած կարեւորագոյն քայլ է։

Պատեհ առիթն օգտագործելով, ՀՀ դեսպանը նշեց, որ Ս․ Գրիգոր Նարեկացին Կաթողիկէ  Եկեղեցու Տիեզերական վարդապետ հռչակելու որոշումն առաւել ամրացուց միասնութեան ու հաւատքի կամուրջը՝ գօտեպնդելով եւ ոգեւորելով Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ բնակուող հայրենակիցները։ Դեսպանն իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց ջանքեր չխնայելու ապահովելու համար ամենատարբեր ոլորտներու մէջ միջպետական կապերու շարունակական ընդլայնումը։

Ֆրանչիսկոս Պապը ողջունեց ՀՀ իշխանութիւններու մտադրութիւնն առաւել զարգացնելու երկկողմ յարաբերութիւնները Սուրբ Աթոռի հետ, որոնք խարսխուած են հայ-վատիկանեան վաղեմի բարեկամական առնչութիւններու վրայ՝ կարեւորելով նաեւ սփիւռքի դերակատարումը։

Սրբազան Քահանայապետը նորանշանակ դեսպանին մաղթեց օրհնաբեր դիւանագիտական առաքելութիւն` ի փառս երկու պետութիւններուն միջեւ յարաբերութիւններու հետագայ ամրապնդման եւ իր բարեմաղթանքները յղեց ՀՀ քաղաքացիներուն, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ Հայաստանի քաղաքական ղեկավարութեան։

Նոյն օրը, Պապին հետ հանդիպումէն յետոյ, դեսպան Կարէն Նազարեան առանձնազրոյց ունեցաւ Սուրբ Աթոռի պետքարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին հետ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկկողմ օրակարգին ու փոխգործակցութեան առնչուող հարցեր, անդրադարձ կատարուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի կարգաւորման գործընթացին ու տարածաշրջանային զարգացումներուն։ Զրոյց տեղի ունեցաւ նաև Մերձաւոր Արեւելքի քրիստոնեաներու, անոնց պատմամշակութային արժէքներու ու հոգեւոր ժառանգութեան պաշտպանութեան հարցերու շուրջ։ ՀՀ դեսպանը պետքարտուղարին տեղեկացուց Հայաստանի մէջ ընթացող լայնածաւալ բարեփոխումներու օրակարգի մասին։

Պետքարտուղար Փարոլին իր ջերմ ողջոյնները փոխանցեց վարչապետ Փաշինեանին՝ կառավարութեան մաղթելով արգասաբեր աշխատանք տեւական խաղաղութեան եւ կայուն զարգացման նպատակներուն հասնելու համար։