Շաբաթ, 3 Փետրուար 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Զմմառու վանքին մէջ գումարուեցաւ Վանքերու և Սրբավայրերու Ուխտագնացութեան Միութեան հերթական ժողովը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանի ամբողջ տարածքին գտնուող կաթողիկէ սրբավայրերու վանահայրեր, մայրապետներ և պատասխանատուներ: Անոնք եկած էին հեռաւոր շրջաններէ Զմմառու վանք ներկայ գտնուելու այս ժողովին: Վանքի մայր դահլիճին մէջ, Միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ և վանքի Մեծաւոր՝ Հ. Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեան և վարչական հայրերը ընդունեցին հիւրերը: Մեծաւոր Հայրը բարի գալուստի խօսք ուղղելով ներկաներուն, անդրադարձաւ Զմմառու վանքի պատմութեան զանազան հանգրուաններուն մինչեւ ներկայ օրերս, շեշտելով այն իրողութիւնը որ Զմմառու վանքը ընդհանրապէս Լիբանանի և Լիբանանահայութեան պատմութեան ընթացքին մեծ դերակատարութիւն ունեցած է որպէս Հ. Կ. Պատրիարքական Աթոռ և ուխտավայր: Այնուհետեւ ժողովական հայրերը, առաքինազարդ քոյրերը ու պատասխանատու անձնաւորութիւնները ուղղուեցան «Արծիւեան» ժողովասրահ, ուր տեղի ունեցաւ ժողովը: Ժողովի բացման՝ Մեծաւոր Հայրը շեշտը դրաւ ուխտագնացութեան գաղափարին վրայ և անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի մէջ ապրող քրիստոնեայ համայնքներու հոգեւոր և մշակութային վիճակին: Ան ըսաւ թէ «վանքերն ու սրբավայրերը քրիստոնէական կեանքի և հաւատքի խորհրդանիշ են, ինչպէս նաեւ գիտութեան, հոգեւոր և իմացական լուսաւորութեան կեդրոններ են և ամէն գնով պէտք է պահպանենք զանոնք»: Ապա Միութեան նախագահ՝ Հ. Խալիլ Ալուան անդրադարձաւ վանքերու և սրբավայրերու Միութեան աշխատանքին և ծրագիրներուն, ըսելով որ ուխտագնացութիւնը կը վերանորոգէ քրիստոնէութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ և առաւելապէս կ’արմատացնէ քրիստոնեան իր հողերուն վրայ, տէր կանգնելով դարաւոր սրբավայրերուն: Յաջորդաբար խօսք առին վանքերու վանահայրերն ու քոյրերը, որոնք հակիրճ կերպով ներկայացուցին իրենց գործունէութիւնը և ծրագիրները:
Ժողովի աւարտին հիւրերը, ընկերակցութեամբ վարչական հայրերուն, շրջան ըրին վանքի զանազան բաժինները՝ մայր տաճար, մատենադարան, թանգարան և գինեմառան, որմէ ետք՝ Միաբանութեան սեղանատան մէջտեղի ունեցաւ եղբայրական ագապ, որու ընթացքին բարեմաղթութիւններ կատարուեցան: Յարգոյ ժողովականները խորապէս ազդուած կատարուած հիւրընկալութենէն, Զմմառու վանքէն մեկնեցան իրենց հետ տանելով քաղցր յիշատակներ:\