Պէյրութի Պատրիարքական Թեմին Օգնական Եպիսկոպոս՝ Արհ. Հայր Գրիգոր Եպս. Պատիշահի նախագահութեամբ, Տիկ. Սինթիա Թաւուքճեանի հովանաւորութեամբ, եւ «Ս․Փրկիչ» եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան «Ս. Ներսէս Լամբրոնացի» Մշակութային Միութեան կազմակերպութեամբ, Հինգշաբթի, 5 Դեկտեմբեր 2024-ի երեկոյեան ժամը 7։00-ին, Յովհաննէս Պօղոսեան թատերասրահին մէջ, տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ շուրջ համախմբուած եւ գործող յանձնախումբերուն եւ կամաւորներուն գնահատանքի եւ երախտագիտութեան երեկոյ՝ «Ձրի առիք, ձրի տուէ՛ք» խորագրով։
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, Մշակութային Միութեան անունով խօսք առաւ Նորա Քէշիշեան Մալաթեան, որ ամփոփ ներկայացուց ՄԱԿ-ի կողմէ հաստատուած «Կամաւորներու միջազգային օր»-ուան մասին, արժեւորեց կամաւոր աշխատանքը, խրախուսեց բոլորը, որ իրենց կորովը բազմապատկուի ու վարակէ իրենց շուրջինները, որպէսզի այս «Սուրբ Գործ»ը շարունակուի եւ փոխանցուի սերունդէ սերունդ:
Եզրափակելով խօսքը, Քէշիշեան յարգանք յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք զգացած ու ապրած են բանաստեղծ Միսաք Մեծարենցի հետեւեալ տողերը. «Տո՜ւր ինծի Տէր, ուրախութիւնն անանձնական, որ զայն կախեմ ամէն դրան ու ամէն տան…»:
Իր կամաւոր գործունէութեամբ ծանօթ օրուան բանախօսը՝ Ճինիշեան հաստատութեան տնօրէն տիկին Քրիսթին Դանիէլեան Սարգիսեան, աւելիով իմաստաւորեց օրուան ձեռնարկը: Ան շեշտը դրաւ նուիրական գործի վսեմ նպատակին վրայ, մէջբերելով Աստուածաշնչեան համարներ՝ ծառայութեան եւ զոհողութեան մասին. «Ծառայութիւնը բարիք գործել չէ, այլ ապրելակերպ է, առօրեայ է եւ նկարագրի մաս կը կազմէ բոլոր անոնց, որոնք Աւետարանի ճշմարտութիւններով կ’ապրին իրենց կեանքերը։ Մեր կեանքը պէտք է արտացոլացնէ Քրիստոսի սէրը, ողորմութիւնը եւ ողորմածութիւնը իւրաքանչիւր արարքի մէջ, զոր կը գործենք, գիտակցելով թէ Քրիստոսի օրինակն է, որ կը դրսեւորենք ծառայելու եւ ոչ թէ ծառայութիւն ստանալու։ Յովհաննէսի 13-րդ գլխուն մէջ մենք ականատես կը դառնանք ծառայութեան գերագոյն օրինակին՝ երբ Քրիստոս իր մատնութեան գիշերը իր աշակերտներուն ոտքերը լուաց։ Թագաւորներուն թագաւորը, տիեզերքի ստեղծիչը, ծունկի եկաւ եւ ըրաւ գործ մը, որ օրին նուաստագոյն ծառան կ’ընէր միայն։ Սակայն, Քրիստոս այդ արարքով վերամշակեց մեծութեան սահմանումը, ըսելով. «Ես ձեզի օրինակ մը տուի, որպէսզի դուք ալ իրարու ընէք, ինչ որ ես ձեզի ըրի»։
Այս գերագոյն խոնարհութեան եւ զոհաբերական սիրոյ օրինակը՝ դարձաւ հիմքը քրիստոնէական կեանքին եւ զարգացման…»: Տիկին Քրիսթինը աւարտեց իր խօսքը ըսելով. «Ծառայութեան ընդմէջէն մենք ալ կը զօրանանք խոնարհութեամբ, սիրով եւ զիրարօգնութեամբ։ Կը զինուինք մեր կեանքերը արժեւորելու եւ քրիստոնէական մեր հաւատքի արժանիքները վառ պահելու…»:
Ձեռնարկը հարստացաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրով. «Աղաչեա՛ վասն մեր» շարականը կատարեց Միրէյ Սաղպազարեան Քիւթիւքճեան, երգեհոնի ընկերակցութեամբ՝ Մարալ Թալաթինեան Առնէլեանի, «Լեռներ Հայրենի»ն նուագեցին սրնգահար Կասիա եւ կիթառիստ Ալեքսանտր Լեւոնեանները, «Հայաստանի ծով գինի» երգը մեկնաբանեց Անայիս Նէնէճեան Կէտիկեան, «Եկեղեցին Հայկական»ը երգեց «Արծիւեան» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ՝ Նշան Կիս. Մարաշլեանի եւ երգեհոնի ընկերակցութեամբ՝ Ժորժ Լեւոնեանի: «Հաւուն Հաւուն»ը նուագեց շեփորահար Պետրոս Քեհէյեան, Վարդենի Կարանեան երգեց «Լիբանան», որմէ ետք «Շուշի» պարախումբը ներկայացուց պարուսոյց Աւօ Գարաքէշիշեանի պատրաստած «Նուիրեալին Պարը», «Երեւան-Էրեբունի»ն նուագեց սաքսոֆոնիստ Նշան Կիս. Մարաշլեան, «Կամաւորի աղօթք»ը ասմունքեց Մէյրի Էքմեքճեան, եւ «Անցայ գնացի» երգը մեկնաբանեց Հուրի Պոյաճեան Գաբլանեան:
Գեղարուեստական յայտագրի ընթացքին խօսք առաւ աշխարհահռչակ դերասան, բեմադրիչ, կատակերգակ, մենակատար Հ.Կ.Մ.-ական Փիէռ Շամմասեան: Ան հանրութեան պատմեց, թէ իր մանկութեան ինչպէս իր առաջին քայլերն ու յաջողութեան ճանապարհը սկսան այս ժողովրդապետութենէն եւ անցեալի յուշերը թարմացնելով ըսաւ. «Շատ փոքր էի, երբ այս թատերասրահը գոյութիւն չունէր, ոչ ալ վարի սրահները, լաւ կը յիշեմ, թէ ինչպէս քարեր եւ տոպրակներով աւազ կրած ենք այս շէնքին համար…»: Իր խօսքը ուղղելով ներկայ սերունդին, ան քաջալերեց չվախնալու ծառայելէ, որովհետեւ իր օրինակը տալով, փաստեց թէ այն աշխարհահռչակը, որ այսօր կը տեսնենք, ան կամաւորապէս սկսած է ընել այս բոլորը:
Գեղարուեստական յայտագրի աւարտին խօսք առաւ տեղւոյն ժողովրդապետ՝ Հայր Սահակ Վրդ. Քէշիշեան, որ իր կարգին ողջունելէ ետք Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը ըսաւ. «Գիտէի համարեա բոլորդ, քանի որ այս ժողովրդապետութեան մէջ մեծցած եմ ու տեսած եմ ձեզ, սակայն նոր ճանչցայ ձեզմէ իւրաքանչիւրդ, երբ ապրեցայ ձեզի հետ ու նկատեցի, որ այս եկեղեցւոյ ամէն մէկ անկիւնի մէջ ճակտի քրտինք կը թափէք եւ հասկցայ, որ այս եկեղեցին կանգուն պահողը քարերը չեն, այլ դուք էք սիւներն ու հիմքը…»: Քէշիշեան խորազգաց սրտով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին, վստահեցնելով, որ իւրաքանչիւր կամաւոր իր վարձքը պիտի ստանայ երկնաւոր Հօրմէ: Հայր Սահակ յայտնեց, թէ այս երեկոյ 71 նախկին եւ ներկայ կամաւորներ պիտի պարգեւատրուին, իրենց տարած անշահախնդիր ծառայութեան համար, այս թիւը համազօր է 71-ամեայ մեր եկեղեցւոյ պատմութեան, նաեւ աւելցուց թէ 7-ն կը խորհրդանշէ կատարելիութիւն, իսկ 1-ը, ի հարկէ բոլորիս միութիւնն է Աստուծոյ անդաստանին եւ մեր պարագային՝ յատկապէս «Ս. Փրկիչ» եկեղեցւոյ:
Բոլոր միութիւններու անդամներուն գնահատական խօսքեր ուղղելէ ետք, բեմ հրաւիրուեցան Տիրամայր Զմմառու «Հաւատք եւ Լոյս» խմբակէն, Եկեղեցասէր Տիկնանց Միութենէն, Բարեսիրական Միութենէն, «Ս. Մեսրոպի Արիներ» Սկաուտախումբէն, Հ.Կ.Մ. երիտասարդականէն, Հ.Կ.Մ. Պատանեկանէն, Արծիւեան երգչախումբէն, եւ «Յիսուսի Բարեկամներ»էն աւագ ու երկար տարիներու վաստակ ունեցող անդամներ, ինչպէս նաեւ ընկերային ծառայողներ ու Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական զոյգ վարժարաններու տնօրէնները:
71 նուիրեալ անձինք պարգեւատրուեցան ժողովրդապետութեան անունով ձեռամբ Արհիապատիւ Գերապայծառին եւ ժողովրդապետ հօր:
Անբացատրելի ուրախութիւն մը տիրած էր թատերասրահին մէջ, հոծ բազմութիւնը, մինչեւ ձեռնարկի աւարտը, բուռն ծափողջոյններով կ’արտայայտէր իր գոհունակութիւնը:
Պարգեւատրութեան աւարտին Գերապայծառ Տէրը խօսք առնելով յայտնեց իր անսահման յուզումը եւ երախտագիտութիւն յայտնեց բոլորին, որոնց արդէն իր մանկութենէն ծանօթ էր, քանի որ ինքն ալ զաւակն էր այս ժողովրդապետութեան, ուր հասակ առած է: Գերապայծառը իր խօսքին մէջ նշեց, որ 71-է աւելի են այն կամաւորները, որոնք արժանի են պարգեւատրութեան, հետեւաբար չպարգեւատրուողներուն կարգը անպայման յաջորդաբար պիտի գայ այլ ձեռնարկներու ժամանակ: Ան մէջբերեց ժողովրդական ասացուածքը, որ կ’ըսէ. «Գնա՛ մեռիր, եկո՛ւր սիրեմ», ապա աւելցուց. «Այսօր, այս ձեռնարկով եկայ փաստելու, որ ասացուածքը մեր ազգին ու համայնքին չի պատկանիր, այսօրուան գնահատանքի այս առիթը ժխտեց այդ առածը եւ ապացուցեց, որ իւրաքանչիւր կամաւոր սիրուած ու արժեւորուած է…»: Գերապայծառը իր սրտի խօսքը փոխանցելէ ետք խնդրեց բոլորէն այս իւրայատուկ ձեռնարկը փակել «Տէրունական աղօթք»-ով:
Աւարտին, տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում, ներկայութեամբ բոլոր միութիւններու անդամներուն, պարգեւատրուողներուն, բանախօսին, հովանաւորին եւ կղերական դասին, գլխաւորութեամբ՝ Արհի․ Հայր Գրիգոր Եպս․ Պատիշահին:
Ձեռնարկը մեծ գոհունակութիւն պատճառեց բոլորին, մանաւանդ նախկին կամաւորներուն, որոնք 30 տարիներէ ի վեր զիրար չէին տեսած եւ այս հանդիպման համար ի մի համախմբուած էին: Միաժամանակ ճոխ եւ յուզիչ էր մթնոլորտը. տարեցները իրենց ցուպը ձեռքին եւ արցունքը իրենց աչքերուն երջանկութեամբ իրարու հետ կը խօսէին անցեալի իրենց իրագործումներուն մասին եւ կը գնահատէին այս մեծ միջոցառումն ու անոր կազմակերպիչները՝ իրենց յաճախակի յանկերգով. «Ս. Փրկիչը մեր բոլորին միացնողն է»:
Կը մնայ բոլոր կամաւորներուն ըսել. «Ձեր վարձքը կատար, ինչպէս որ ձրի ստացաք, ձրի ալ տուիք»: