Դամասկոսի Հայ կաթողիկէ համայնքը յոյսով ու մեծ ակնկալիքներով նշեց Ս. Ծննդեան տօնը, մաղթելով որ Մանուկ Յիսուսի ծնունդը օրհնաբեր ու խաղաղաբեր ըլլայ տառապող Սուրիոյ ու ամբողջ աշխարհի համար: 24 դեկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան, համայնքիս Թագուհի Տիեզերաց եկեղեցւոյ մէջ, ժողովրդապետ Հ. Գէորգ վրդ. Պահէեան մատուցանեց Ս. Ծննդեան ճրագալոյցի Ս. Պատարագը: Ներկայ գտնուեցան Դամասկոսի Հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ. Տ. Արմաշ եպս. Նալպանտեան, Սուրիոյ խորհրդարանի պետական երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեան եւ բազմաթիւ հաւատացեալներ: Երգեցողութիւնը կատարեցին Քնար երգչախումբի անդամները: Այս մեծ տօնին պատշաճ քարոզ մը տուաւ գերապատիւ վարդապետը, իսկ Պատարագի աւարտին, համայնքիս առաջնորդ արհի. Յովսէփ եպս. Առնաութեան հանդիսապետեց թափօրին, ուր Խորհուրդ Մեծ շարականի երգեցողութեամբ նորածին Յիսուս Մանուկը զետեղուեցաւ մսուրին մէջ ձեռամբ պատարագիչ վարդապետին, աւետելով Փրկչին Ծնունդն ու մարմնացումը:
Այնուհետեւ ներկայ հաւատացեալները հաւաքուեցան եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ, ուր Գերապայծառ Տէրն ու վարդապետը, ընկերակցութեամբ Սրբազան Հօր ու դոկտ. Նորա Արիսեանի, ընդունեցին շնորհաւորութիւններ ու բարեմաղթանքներ: Մինչ այդ ՀԿՄ-ի Տիկնանց վարչութիւնը սարքեց գեղեցիկ հիւրասիրութիւն մը, ջերմացնելով ներկաներու տօնական մթնոլորտը ու յիշեցնելով անցեալի խաղաղ օրերը:
Կիրակի, 25 դեկտեմբերի առաւօտեան, Ս. Ծննդեան հանդիսաւոր Ս.Պատարագը մատոյց արհի. Յովսէփ եպս. Առնաութեան, ներկայութեամբ համայնքիս զաւակներուն: Ներկայ գտնուեցաւ նաեւ դոկտ. Նորա Արիսեան, Սուրիոյ խորհրդարանի պետական երեսփոխան: Յաւարտ Ս. Պատարագի, հաւատացեալները թափօր կազմած, գլխաւորութեամբ հոգեւորական հայրերու, ուղղուեցան դէպի եկեղեցւոյ դահլիճը, երգչախումբի Խորհուրդ Մեծ շարականի երգեցողութեամբ, ուր Գերապայծառ Տէրը տուաւ իր օրհնութիւնը: Դահլիճի մէջ շնորհաւորանքներ ընդունելու պահին, համայնքիս Սիրոյ Ընտանիք սկաուտական խումբի շեփորախումբը կատարեց Ս. Ծննդեան նուիրուած նուագներ: Այնուհետեւ, Ռ. Պասմաճեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Կաթողիկէ Միութեան կազմակերպած Ս. Ծննդեան հանդէսը: Փոքրիկները ուրախութեամբ երգեցին, պարեցին ու իրենց ուրախութիւնը փոխանցեցին ներկաներուն: Հանդէսը իր լրումին հասաւ Կաղանդ Պապայի ժամանումով որ նուէրներ բաժնեց բոլորին: Հանդէսը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին Հ. Գէորգ վրդ Պահէեանը ու երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեանը: